ՈՍՏԻԿԱՆԸ ԳՐԿԵՑ ՄԱՆՈՒԿԸ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ո­րոշ լից­քա­թա­փում մը ե­ղած է «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին կող­մէ բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի ա­զա­տուե­լէն վերջ, սա­կայն տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ բնա­կա­նո­նա­ցած ա­մէն ինչ։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին հան­րա­հա­ւաք­ներն ու եր­թե­րը կը շա­րու­նա­կուին ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն կող­մէ՝ ի պաշտ­պա­նու­թիւն «Սաս­նայ ծռեր»ուն, ո­րոնց ան­դամ­նե­րուն կը հաս­ցէագ­րուին մե­ղադ­րանք­ներ։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­տաքրք­րա­կան դէպք մը ապ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ՝ ընդ­դի­մու­թեան հան­րա­հա­ւա­քին ըն­թաց­քին։ «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, ցու­ցա­րար­նե­րէն մին բե­մա­հար­թակ բարձ­րա­նա­լով յայ­տա­րա­րեց, որ ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով իր փոք­րիկ որ­դին ա­հա­բե­կուած կ՚ապ­րի իր իսկ երկ­րին մէջ։ Նոյն ցու­ցա­րա­րը այդ պա­հուն հրա­պա­րա­կէն անց­նող եր­կու ոս­տի­կան­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց մօ­տե­նալ ու բռնել իր ե­րա­խա­յին ձեռ­քը։ Ո­ստի­կան­նե­րը նախ հե­ռա­ցան ա­ռանց ար­ձա­գան­գե­լու, ինչ որ յա­րու­ցեց ցու­ցա­րար­նե­րուն դժգո­հու­թիւ­նը։ Քա­նի մը վայր­կեան վերջ հան­րա­հա­ւա­քը վա­րող Յա­րու­թիւն Աղ­լա­մա­զեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ոս­տի­կան մը կը փա­փա­քի բռնել ե­րա­խա­յին ձեռ­քը եւ ե­լոյթ ու­նե­նալ։ Մինչ ան կը խօ­սէր, ոս­տի­կա­նու­թեան հա­րիւ­րա­պետ մը մօ­տե­ցաւ, գրկեց փոք­րի­կը եւ բարձ­րա­խօ­սով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ցու­ցա­րար­նե­րուն առ­ջեւ։ «Կ՚ու­զեմ տես­նէք, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը պաշտ­պա­նէ մար­դի­կը, ժո­ղո­վուր­դը։ Կ՚ու­զեմ՝ հա­մո­զուիք, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ծե­ծող-ջար­դող կա­ռոյց մը չէ», ը­սաւ ան՝ ար­ժա­նա­նա­լով ցու­ցա­րար­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն։

Իր կար­գին, Յա­րու­թիւն Աղ­լա­մա­զեանն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եւ ար­տա­յայ­տեց այն սպա­սու­մը, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը գործ­նա­կա­նօ­րէն ալ ցոյց տայ այդ բա­նը։

Հան­րա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը ա­ւե­լի վերջ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նի փո­ղոց­նե­րով ի­րա­կա­նա­ցու­ցին երթ մը, որ ա­ւար­տին հա­սաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի  վրայ՝ նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի դի­մա­ցի մայ­թը։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016