ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԿԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութեան եւ համապատասխան բոլոր զարգացումներուն։ Tert.am կայքէջի հարցման ի պատասխան Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ.

«Իրականութեան մէջ մենք ուշի ուշով կը հետեւինք բոլոր զարգացումներուն։ Այն խաղացողները, որոնց յարաբերութիւնները սրուած են, մենք ոչ միայն իրենց հետ ունինք երկկողմանի յարաբերութիւններ, այլ երկուքն ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին են»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017