ԹԻԼԸՐՍԸՆ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու լարուած մթոլորտին մէջ։ Ռեքս Թիլըրսըն եւ Սէրկէյ Լաւրով կանգ առին Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Փհենեանի ղեկավարութիւնը վերջերս դարձեալ հիւլէական զէնքերու փորձերուն եւ հրթիռներու արձակման թափ տուած է, ինչ որ խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ համայն աշխարհին։

Այս իրավիճակին մէջ Ռեքս Թիլըրսըն եւ Սէրկէյ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին Քորէի թերակղզիի իրավիճակին շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս քննարկեցին Փհենեանի կողմէ Յուլիսի 28-ին արձակուած հրթիռներու խնդիրը եւ այդ կապակցութեամբ ՄԱԿ-ի արձագանգի մշակման շուրջ կարծիքներ փոխանակեցին։

Քննարկուեցան նաեւ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ այժմէական այլ նիւթեր։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ ծագած տագնապի պատասխանատուն է Գոնկրէսը։ Իսկ Ռեքս Թիլըրսըն եւ Սէրկէյ Լաւրով համաձայնեցան յառաջիկայ օրերուն տեսակցելու համար՝ որպէսզի քննարկեն կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան պատճառները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017