ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՇԵՇՏԵՑ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԱՆՀԱՄԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ երկ­րէն ներս տա­րած­քա­յին զար­գաց­ման ան­հա­մա­չա­փու­թիւն­նե­րը իր կա­ռա­վա­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու շար­քին կը գտնուին։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան նիս­տը։ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան անդ­րա­դար­ձաւ մարզ­պետ­նե­րու աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան գնա­հատ­ման կար­գին։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ.

«Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին զար­գաց­ման ան­հա­մա­չա­փու­թիւն­նե­րը մեր առ­ջեւ կանգ­նած կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­տա-հ­ըրա­ւէր­նե­րէն են։ Մեն­ք պատ­րաստ ենք խրա­խու­սել տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ծրագ­րե­րը, ա­ւե­լին՝ ուղ­ղա­կի օ­ժան­դա­կել կամ մաս­նակ­ցիլ ա­նոնց ի­րա­գործ­ման՝ պայ­մա­նով, որ տե­ղա­կան եւ տա­րած­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դրսե­ւո­րեն բա­ւա­րար նա­խա­ձեռ­նո­ղու­թիւն սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րը շարժ­ման ան­ցը­նե­լու եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հար­ցին մէջ»։

­Վար­չա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ երկ­րի մար­զե­րը այ­ցե­լե­լու ժա­մա­նակ նկա­տած է, թէ ի յայտ կու գան շարք մը ընդ­հա­նուր խնդիր­ներ, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն ար­դիւ­նա­ւէտ եւ ա­րագ լու­ծում։ Իր խօս­քե­րով, մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­մա­տա­կա­նօ­րէն վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուե­լու կա­րիքն ու­նին տե­ղա­կան պիւտ­ճէ­նե­րու սե­փա­կան ե­կա­մուտ­նե­րու ծրագ­րա­ւոր­ման եւ կա­տար­ման գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը։ Այդ մի­ջոց­նե­րու շնոր­հիւ է, որ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է բա­ւա­րար ո­րա­կով ծա­ռա­յու­թիւն­ներ ստա­նայ։ Ըստ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, ան­հա­մա­չա­փու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րուին տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու կող­մէ թէ՛ ֆի­զի­քա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մէջ եւ թէ ծախ­սե­րու մէջ։

Ամ­փո­փե­լով իր խօս­քը՝ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ սոյն խնդիր­նե­րու լուծ­ման հար­ցին մէջ մեծ դեր ու­նին մարզ­պետ­նե­րը եւ ա­նոնց կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, որ ի­րենք շարք մը չա­փա­նիշ­ներ որ­դեգ­րած են՝ մար­զե­րու կա­ցու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լու եւ մար­զե­րէն ներս տա­րուած աշ­խա­տան­քը ար­ժե­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

«ԹՈ­ՒԱ­ՅԻՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ»

Միւս կող­մէ, կա­ռա­վա­րու­թեան ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ըն­դու­նուե­ցաւ ո­րո­շում մը, որ կը նա­խա­տե­սէ «Թուա­յին Հա­յաս­տան» ա­նուն հիմ­նադ­րա­մի մը ստեղ­ծումն ու ա­նոր կա­նո­նադ­րու­թեան հաս­տա­տու­մը։ Այս հիմ­նադ­րա­մի նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ բարձ­րաց­նել երկ­րէն ներս կա­ռա­վա­րու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վել թա­փան­ցի­կու­թիւն եւ բա­րեն­պաստ գոր­ծա­րար մի­ջա­վայր ստեղ­ծել՝ ար­դի տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կի­րառ­մամբ։ Ըստ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, սա շատ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թաց մըն է։ Մին­չեւ այս նո­րաս­տեղծ հիմ­նադ­րա­մի կա­յա­նա­լը՝ Ռազ­մա­վա­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը նոյն թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ եւ ա­ւե­լի վերջ ալ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ յստա­կօ­րէն պի­տի ձե­ւա­կեր­պուին այդ կեդ­րո­նի եւ նո­րաս­տեղծ հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բա­նա­ձե­ւե­րը։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ սոյն հիմ­նադ­րա­մի ստեղ­ծու­մը պայ­մա­նա­ւո­րուած է երկ­րի թուա­յին օ­րա­կար­գի ի­րա­գործ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Այդ օ­րա­կար­գը կ՚ընդգր­կէ թուա­յին նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մշա­կու­մը, երկ­րի կա­ռա­վար­ման բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս միաս­նա­կան թուայ­նա­ցեալ մի­ջա­վայ­րի ձե­ւա­ւո­րում, պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գե­րու ար­դիա­կա­նա­ցում եւ տե­ղե­կա­տուա­կան անվ­տան­գու­թեան աս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցում։ Կը նա­խա­տե­սուի նաեւ պե­տա­կան ծախ­սե­րու կրճա­տու­մը, վար­չա­րա­րու­թեան պար­զե­ցում, թա­փան­ցի­կու­թիւն, հա­շուե­տուու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցում, կա­շա­ռա­կեր­պու­թեան նուա­զե­ցում, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րա­կի, մատ­չե­լիու­թեան եւ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րա­ցու­մ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017