ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ դէպի երրորդ երկիրներ ընդհանուր արտածման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համաժողով մը, որու ընթացքին հարեւան երկու երկիրներու համագործակցութեան այժմու ընթացքն ու հեռանկարները բերուեցան խոշորացոյցի տակ։ Հայաստանի Տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Քարայեան այս առթիւ հիւրընկալեց Վրաստանի Տնտեսութեան ու կայուն զարգացման նախարար Կէորկի Կախարիան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցութիւն բերաւ համաժողովին։ Նախարարները մատնանշեցին, որ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը թէեւ կ՚աճի, սակայն թափը գոհացուցիչ չէ։ Ներկայիս կողմերը կը նախատեսեն մշակել դէպի երրորդ երկիրներ համատեղ արտահանման ուղղեալ ծրագիր մը։ Այս աշխատանքին մէջ անոնք հաշուի կ՚առնեն Հայաստանի եւ Վրաստանի համար ստեղծուած արտօնեալ շուկաները։ Քարայեան եւ Կախարիա հաստատեցին, որ երկու երկիրներն ալ ունին իրենց բնորոշ ուժեղ կողմեր եւ մրցակցային առաւելութիւններ, որոնց համադրութեամբ կրնան իրականացնել համատեղ ծրագրեր։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ երկու երկիրներէ ներս ազատ տնտեսական գօտիներու գործունէութիւնը։ Երկու նախարարները տեղեկացուցին նաեւ, որ երրորդ երկիրներէն կատարուած ներածումները պիտի փորձեն փոխարինել հայկական եւ վրացական ապրանքներով։

Համաժողովի ծիրէն ներս հայ եւ վրացի գործարարները քննարկեցին համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Անոնց առաւել յարմարաւէտ եւ շահաւէտ համագործակցութեան նպատակով պիտի ստեղծուի համատեղ աշխատանքային խումբ մը։ Նոյն համաժողովի ծիրէն ներս փոխըմբռնման յուշագիր մըն ալ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատներուն միջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի քննարկումներուն ընթացքին վրացական պատուիրակութիւնը ներկայացուց Լարսի մէջ կատարուելիք ճանապարհաշինական աշխատանքները։ Կախարիայի հետ ծաւալուած քննարկումներուն ընթացքին առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձան փոխադրութեան, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։

Կախարիա Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Սերժ Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկու ժողովուրդներու բարիդրացիական յարաբերութիւնները ամուր հիմք կը ստեղծեն միջպետական կապերու հետագայ խորացման եւ ամրապնդման համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017