Շուշիի Մէջ՝ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» Օփերայի Համաշխարհային Անդրանիկ Ներկայացումը

Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքէն ներս, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերայի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, սոյն ձեռնարկը նուիրուած է Արցախի անկախութեան օրուան, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին եւ Հարօ Ստեփանեանի ծննդեան 120-ամեակին:

Նախագիծին հեղինակը եւ գեղարուեստական ղեկավարն է Սարինէ Աւթանդիլեան, իսկ խմբավարը՝ Սուրէն Շահիջանեան (Ֆրանսա):

«Սասունցի Դաւիթ» օփերան Հարօ Ստեփանեան գրած է 1936 թուականին: Լիպրեթթոն գրած է Դերենիկ Դեմիրճեան՝ ըստ «Սասունցի Դաւիթ» հայ ժողովրդական էպոսի: «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերան՝ իր ինքնատիպ վիպապատմողական երաժշտական լեզուով եւ ազգային ոգիով, հայկական օփերային արուեստի զարգացման նշանակալից փուլը կը նշանաւորէ: Արցախի մէջ «Սասունցի Դաւիթ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը մշակութային կարեւորագոյն իրադարձութիւն մըն է:

Երաժշտահան Հարօ Ստեփանեան ծնած է 1897 թուականին Ելիզավեթփոլ (այժմ՝ Գանձակ): Մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին: 1919 թուականին, մէկ տարի, ուսանած է Թիֆլիզի երաժշտանոցին մէջ, Ա. Տէր-Ղեւոնդեանի դասարանը, իսկ 1923 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Կնեսինների անուան երաժշտական ուսումնարան Միխայիլ Կնեսինի ստեղծագործական դասարան, այնուհետեւ ուսանած է Լենինկրատի երաժշտանոցի՝ Վ. Շչերպաքովի ստեղծագործական դասարանին մէջ: 1927-1929 թուականներու ամրան Ստեփանեան մասնակցած է Քրիստաֆոր Քուշնարեանի կազմակերպած ժողովրդական երաժշտութեան հաւաքման արշաւին: Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Շիրակի, անոնք գրի առած են 350-էն աւելի հայկական եւ քրդական մեղեդիներ: 1930 թուականէն սկսեալ մշտական բնակութիւն հաստատած է Երեւան: Հեղինակած է հինգ օփերա, երեք սիմֆոնիա, բազմաթիւ երգեր, ռոմանսներ, քամերային-գործիքային ստեղծագործութիւններ: 1930-1934 թուականներուն միջեւ ղեկավարած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ստեղծագործական դասարանը, 1938-1947 թուականներուն՝ Հայաստանի Երգահաններու միութիւնը: 1938 թուականին ընտրուած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: 1960 թուականին արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017