ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ԵՒ ՃԱՆՍԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պորիս Ճանսընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին երկու նախարարները կանգ առին Կիպրոսի հիմնախնդրին եւ Իրաքի վերաբերեալ հարցերու վրայ։

Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Պորիս Ճանսըն կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017