ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սկովտիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ պարի համաշխարհային փառատօն մը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Այս տարուան փառատօնի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ ձօնուած էր հայկական ժողովրդական պարերուն։ Յուլիսի 14-20-ին, Սկովտիոյ Findhorn Park-ի մէջ կազմակերպուած հոգեւոր երաժշտութեան, երգի եւ պարի միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս գեղարուեստասէրներ կարելիութիւնը ունեցան շփուելու եւ ներշնչուելու հայկական ժողովրդական պարերուն հետ։ Նկատի ունենալով, որ հայկական ժողովրդական պարը փառատօնի գլխաւոր նիւթն է, բոլոր մասնակիցներուն հրամցուցեցան հայկական ժողովրդական պարերէ յատկանշական նմոյշներ։ Սոյն փառատօնը այս տարի կազմակերպուեցաւ 27-րդ անգամ։ Սա կարեւոր ձեռնարկ մըն է շուրջպարերու փոխակերպիչ եւ հոգեւոր ուժին առումով։ Շնորհիւ այս փառատօնին, ամէն տարի յուլիսին Սկովտիա կը դառնայ աշխարհի զանազան երկիրներէ հարիւրաւոր մարդոց ժամադրավայրը, ուր անոնք կ՚ըմբոշխնեն պարերու հաճոյքը։

Լոնտոնաբնակ արուեստագէտ, հայկական ազգագրական եւ քնարերգական պարերու մենակատար, պարաստեղծ եւ պարուսոյց Շաքէ Մեճըր Չիլինկիրեան (Shakeh Major Tchilingirian) յատուկ հրաւիրուած էր փառատօնին որպէս հիմնական ուսուցող։ Շաքէի ամէնօրեայ արուեստանոցներուն մասնակցեցաւ աւելի քան հարիւր մասնակից՝ ծանօթանալով հայկական ժողովրդական ու ազգագրական պարերուն։ Իսկ Օքսֆորտի համալսարանէն Հրաչ Չիլինկիրեան շարք մը զեկոյցներ ներկայացուց մասնակիցներուն՝ հայոց պատմութեան, մշակոյթի, ինքնութեան եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան մասին։

Կանանց ծիսական պարերու միջազգային յայտնի մասնագէտ Լաուրա Շենըն, խօսելով Շաքէ Չիլինկիրեանի կատարած աշխատանքի մասին, կը նշէ, որ Շաքէն կը սորվեցնէ հայկական պարերու սրբազան հարստութիւնը եւ անոնց անձնական փոխակերպման ունակութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմականը։ «Ան կը բացատրէ, որ հայկական պարերու օրինակները շատ հին են եւ ձեւաւորելով անգերազանցելի շարժումներ՝ շատ խորհրդանշական են եւ խորապէս հոգեւոր», ըսաւ ան։

Փառատօնին Շաքէ Չիլինկիրեան առաջին անգամ կը ներկայացնէր հայկական պարը։ Անոր գեղարուեստական ծրագիրը կ՚ընդգրկէր ժողովրդական եւ լիրիքական պարերու միաձուլումը։ Շաքէի ծրագիրը հնարաւորութիւն ընձեռեց մասնակիցներուն ապրելու Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող եւ ծաղկող մշակոյթը։ Եւ ինչպէս ան նշեց. «Հոգեւոր կապ ստեղծելու համար հողի, բնութեան եւ արմատներու հետ, որոնք կը շարունակեն ծաղկիլ»։ Իսկ դիմելով մասնակիցներուն՝ Շաքէն ընդգծեց. «Ասիկա բացայայտման, կապի եւ արտացոլման իւրայատուկ ճամբորդութիւն մըն է պարի միջոցով»։

Լոնտոնէն երաժիշտներ Տիգրան Ալիքսանեան (տուտուկ, զուռնա) եւ Արա Պետրոսեան (դհոլ) կ՚ուղեկցէին Շաքէի ներկայացուցած պարերուն, իրենց հիասքանչ կենդանի երաժշտութեամբ։ Findhorn-ի մշտական ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքի երկարատեւ անդամները՝ Պարպարա Սուետինա, Փիթըր Վալանս, Ռորի Օ՚Քաննըլ, Շիլա Փէօթիթ (երգչախումբ) եւ Մայա Պաքլի (նուագախումբ) իրենց գիտելիքներն ու փորձը փոխանցեցին վարպետութեան դասերու (master class) միջոցով։

Լաուրա Շենըն, որ շրջագայած եւ խորութեամբ ուսումնասիրած է յունական, հայկական, պալքանեան եւ գնչուական աւանդական պարերը, խոր մտախոհական շուրջպարեր սորվեցուց մասնակիցներուն, որոնք կ՚ուղեկցէին Քոստանդիս Քուրմատիասի եւ Նիքոլաս Անկելոփուլոսի, իսկ երկու այլ առթիներով հայ երաժիշտներու կենդանի երաժշտութեամբ։

Շաքէ Չիլինկիրեան, որ վերջին քսանհինգ տարիներուն ընթացքին իր բազմաթիւ արուեստանոցներու միջոցով հայ պարարուեստի համամարդկային արժէքները կը փոխանցէ օտարներուն, իւրայատուկ մօտեցում ունի հայ պարարուեստի ժառանգութեան հանդէպ։ «Իբրեւ ժողովրդական եւ ազգագրական պարերու նուիրուած արուեստագէտ, իմ հիմնական առաքելութիւնս հայկական հարուստ պարերը բեմէն անդին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին կապելն է», կ՚ըսէ Շաքէն եւ կ՚աւելցնէ. «Մեր պարերը ժողովուրդի կեանքէն կը բխին։ Այդ ամէնը նկատի ունենալով հայ պարը բեմական, կատարողական ոլորտէն պէտք է տեղափոխենք մեր առօրեայ ապրելու միջոց, զայն դարձնելով ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Այս իմաստով Կոմիտասի հետեւեալ բնութագրումը ինծի համար ուղենիշ է. «Ամէն կեանքի մէջ պար կայ։ Հետեւաբար, ամբողջ տիեզերքի կեանքը միթէ պար չէ՞»։

Վերջին տարիներուն Շաքէն յատուկ ծրագիրներ մշակած է տոհմիկ եւ ազգագրական պարերը համայնքային առօրեայ կեանքին մէջ կենսունակ պահելու համար։ Տօնական, ազգային կամ տարբեր առիթներով Շաքէն հանրային շուրջպարեր կը կազմակերպէ հարիւրաւոր մարդոց մասնակցութեամբ, ինչպէս՝ դաշտահանդէսներուն, Համբարձման եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն եւ բազմաթիւ այլ առիթներով։ Նոյն նպատակով 2010 թուականէն ի վեր Շաքէն յատուկ ծրագիրներ մշակած է եւ կ՚աշխատի երեխաներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018