ԵՐԿՈՒ ՊՐԻԺԻՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

60-ական թուականներու ամենացանկայարոյց դերասանուհին Պրիժիտ Պարտօ վերջերս այցելեց Էլիզէի պալատը, ուր զինք դիմաւորեց Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն:

83-ամեայ դերասանուհին Էլիզէ ժամանած էր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ քննելու համար անասուններու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:

Զոյգ գաւազաններով տեղափոխուող անցեալի անզուգական աստղը հաւատարիմ մնացած էր իր աւանդական սանտրուածքին եւ կարմիր ծաղիկին:

Միւս կողմէ, Էմանուել Մաքրոնի նախընտրական արշաւին դերասանուհին կոչ ուղած էր չընտրել վերջինս՝ հրապարակելով «Մաքրոնը կ՚ընտրուի, անասունները կը սատկին» բաց նամակը:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018