ԾԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՄԸ ԱՒԵԼՑԱԾ

Ծիրանի արտահանումը, նախորդ տարուան համեմատ աւելցած է 78 տոկոսով։ Այս մասին, նախընթաց օր, կառավարութեան յարկին տակ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան։

«Անցեալ տարի արտահանած ենք 28.884 թոն, իսկ այս տարի՝ աւելի քան 50 հազար թոն», նշած է նախարարը։

Ան աւելցուցած է, որ պտուղ-բանջարեղէններու մասով անցեալ տարի արտահանուած է շուրջ 120 հազար թոն, այս տարի՝ արտահանուած է շուրջ 100 հազար թոն, այսինքն՝ 70 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան համեմատ։ «Ի դէպ՝ դեռ ունինք խաղող, աշնանային այլ միրգեր», ըսած է նախարարը։

Անդրադառնալով ռուսական շուկային մէջ հայկական մթերքներու խնդիրներուն մասին հարցին՝ Արթուր Խաչատրեան ըսած է. «Այս պահուն ահազանգեր չունինք։ Լոլիկի հետ կապուած եղած է տարուան սկիզբը, այս պահուն լուծուած է»։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018