ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՉԻ ՄԱՍՆԿՑԻՐ «ԵՒՐՈՊԱՍՔԵԹ-2021»ԻՆ

Պասքեթպոլի տղոց Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի չմասնակցի «Եւրոպասքեթ-2021»ի նախընտրական փուլին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ չկայ «Եւրոպասքեթ-2021»ի նախընտրական երկրորդ հանգրուանի  պահանջներուն համապատասխանող մարզական սրահ, Հայաստանի պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը որոշում տուած է  հրաժարիլ մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունքէն:

Հայաստանի հաւաքականին փոխարէն նախընտրական հանգրուանին պիտի մասնակցի Յունական Կիպրոսը:

Հայաստանի հաւաքականը «Եւրոպասքեթ-2021»ի նախընտրական երկրորդ հանգրուանի  խմբային մրցաշարքին ընդգրկուած էր Դ. ենթախումբին մէջ, ուր կան Աւստրիոյ եւ Բրիտանիոյ հաւաքականները:

Մրցաշարքը պիտի սկսի սեպտեմբերին:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018