ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հրապարակեց իր հարիւր օրուան ծրագիրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, «Միլլէթ» մշակոյթի եւ համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այդ ծրագրի ծանօթացման հաւաքոյթը։ Նախագահ Էրտողան ելոյթով մը հանդէս եկաւ հանդիսաւոր պայմաններով։ Առաջին հարիւր օրերու գործադրութիւնը ժողովուրդի նկատառման յանձնելէ վերջ, Էրտողան նշեց, որ միջնաժամկէտ ծրագիրը մինչեւ ամսավերջ պիտի ներկայացնեն հանրային կարծիքին։ 2019-2023 շրջանի ռազմավարական ծրագրին շուրջ աշխատանքներն ալ ստեղծուած են եւ այդ մէկն ալ հրապարակման պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ նոյեմբերի վերջը։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին մէջ յայտնեց, որ նոր շրջանի մղիչ ուժը պիտի ըլլան մշակուած 400 ծրագրեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 46 միլիառ լիրա։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւոր կարեւորութիւն վերագրեց պաշտպանական արդիւնաբերական բնագաւառի ծրագրերուն նկատմամբ։ Վերոյիշեալ 400 ծրագրերուն 48-ն ալ արդէն կը վերաբերի այդ ոլորտին։ Նախագահը շեշտեց, որ այս ոլորտին մէջ պիտի ըլլան անզիջող։ Թուրքիա բոլոր բնագաւառներու մէջ կը դիմագրաւէ սպառնալիքներ եւ ճնշումներ, ուստի այս ոլորտին մէջ պիտի դառնայ ինքնաբաւ։

Էրտողան յիշեցուց, որ Իսթանպուլի նոր օդակայանը պիտի բացուի 29 հոկտեմբերին եւ «Քանալ Իսթանպուլ»ի շինարարութիւնն ալ թափով կը շարունակուի։ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին Մուսուլի եւ Պասրայի հիւպատոսարանները պիտի վերաբանայ եւ նաւթ որոնելու համար պիտի գնէ երկրորդ նաւ մը։

Նախագահ Էրտողան վստահութիւն յայտնեց, որ երկիրը անպայման յաղթական դուրս պիտի գայ առկայ տնտեսական պատերազմէն։ Ըստ իրեն, արտածման առաջնահերթ ուղղութիւնները պիտի ըլլան՝ Չինաստանը, Մեքսիկան, Ռուսաստանը եւ Յունաստանը։

Ընկերային ծրագրերու անդրադառնալու առընթեր Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ արդարադատութեան բնագաւառին։ Նոր դատական շրջանին զուգահեռ՝ արդարադատութեան ոլորտին մէջ պիտի սահմանուին յստակ ժամկէտներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018