ՏԵՂՒՈՅՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները տեղւոյն վրայ կը չէզոքացուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեան արձանագրեց, որ թէ՛ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Նախիջեւանի հատուածին իրավիճակը հանգիստ է։ Ներկայ պայմաններով այդ բոլոր ուղղութիւններուն վրայ յարաբերական անդորր կը տիրէ։ Նախարարը միեւնոյն ժամանակ, հաւաստիացուց, որ Ա-տըրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները տեղւոյն վրայ կը չէզոքացուին։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Դաւիթ Տօնոյեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընթացքին շուրջ։ Ան վստահեցուց, որ Ռուսաստանի հետ 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկային համաձայնագրի շրջանակներէն ներս նախա-տեսուած Հայաստանի զէնքի մատակարարման գործընթացը չէ դադրած։ Նախարարը ընդգծեց, թէ այդ մատակարարումները ընթացքի մէջ են։ Նոյն ամբողջին մէջ Դաւիթ Տօնոյեան շեշտեց, որ Հայաստան զէնք կ՚ապահովէ ոչ միայն ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական ան-վըտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անդամ երկիրներէն, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներէ։

Յայտարարութիւններուն տեւողութեան Տօնոյեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց նաեւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ալեքսանտր Ֆոմիի հետ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ ունեցած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Նախարարը ամփոփ գիծերու մէջ նշեց, որ Ֆոմինի հետ քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ քաղաքական եւ ռազմաքաղաքական բնոյթով հարցեր։

Մինչ այդ, Տօնոյեան համոզուած է, թէ Հայաստան մինչեւ ժամկէտի աւարտը պէտք է շարունակէ կատարել ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերուն հետեւանքով կալանաւորման որոշում տրուեցաւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի պարագային։ Այս վերջինը 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերուն ժամանակ Երեւանի կայազօրի պետն էր։ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները մեղադրանք առաջադրեցին Եուրի Խաչատուրովի դէմ այդ դէպքերուն ժամանակ պատասխանատուութիւն կրելու բերումով։ Հարկ է յիշեցնել, որ արիւնալի դէպքերուն զոհ գացած էր տասն հոգի։ Ներկայիս Եուրի Խաչատուրով փրկագինով կալանաւորուելէ ազատած է, սակայն իր պարագային էական հարցեր կը գտնուին օրակարգի վրայ։ Ըստ էութեան, բոլորի հետաքրքրութեան առարկայ է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր ապագան եւ իրեն վերաբերեալ իրադարձութիւնները ինչպէ՛ս պիտի ազդեն՝ որպէս ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար գործունէութեան շարունակութեան վրայ։

Եուրի Խաչատուրովի դէմ տրուած դատական որոշումէն վերջ, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները ուշադրութեամբ հետեւած էին իրադարձութիւններուն։ Երեւանեան աղբիւրները հաղորդած էին, որ հայկական կողմը պէտք է իրազեկէ դաշնակից միւս պետութիւնները եւ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է ընդհանուր քարտուղարի նոր թեկնածու մը առաջադրէ։ Լրագրողներ երէկ Դաւիթ Տօնոյեանին հարց տուին, թէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար պիտի առաջադրուի՞ Եուրի Խաչատուրովը փոխարինելիք թեկնածուն։ Այս բոլորի լոյսին տակ՝ նախարարը ըսաւ հետեւալը. «Այս պահուն ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածութեան հարց չէ քննարկուած, սակայն Հայաստան պէտք է շարունակէ նախագահութիւնը մինչեւ ժամկէտի աւարտը»։

Հարկ է նշել, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը պէտք է վարէ մինչեւ 2020 թուականը։ Իսկ Եուրի Խաչատուրով կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւնները կը վարէ 2017 թուականի մայիսէն ի վեր։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018