ՏԻԳՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Տիգրան Մինասեան դարձած է Եւրոպայի Ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեան։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց  Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը:

55 քկ. ծանրութեան դասակարգի աւարտական մրցումին, հայ ըմբիշը 8-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ճիովաննի Ֆրենիին եւ նուաճեց ոսկի մետայլ:

Տիգրան Մինասեան 2 յաղթանակներ (11-1, 9-0) նուաճելէ ետք, հասած էր կիսաւարտականին, ուր  միայն  33 երկվայրկեանի մէջ 14-4 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ահմէտ Լիմանը:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018