ԱՐԹՈՒՐ ՎԱՆԵՑԵԱՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին պետ Արթուր Վանեցեան վերջին օրերուն հարցաքննուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան ներկայիս կը գլխաւորէ «Հայրենիք» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Վանեցեանի հարցաքննութիւնը կատարուած է ԱԱԾ-ի կողմէ։ Արթուր Վանեցեան ներկայիս նախապատրաստութեան փուլի մէջ գտնուող կարգ մը նիւթերու անհրաժեշտութեան բերումով բացատրութիւն տալու հրաւիրուած է ԱԱԾ-ի քննչական բաժանմունքը։

Հարցաքննուելէ վերջ Արթուր Վանեցեան ԱԱԾ-ի շէնքին առջեւ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ ինք որեւէ պարտաւորութիւն չունէր հարցաքննութեան մեկնելու, բայց, յարգելով կառոյցը՝ այցելած է ԱԱԾ եւ հրաժարած է բացատրութիւններ ներկայացնելէ։ Ան սահմանափակ մանրամասնութիւններ ներկայացուց, թէ ի՞նչ գործ խնդրոյ առարկայ է այնտեղ։ «2018 թուականին վերականգնուած է մեր նախկին աշխատակիցներէն մէկուն աշխատանքը. ան, ըստ ԱԱԾ-ի մեկնաբանութեան, իրաւունք չունէր այդ պաշտօնին մէջ վերականգնուելու», ըսաւ Արթուր Վանեցեան։

Վանեցեանի հարցաքննութենէն վերջ ԱԱԾ-ի աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին նախապատրաստութեան փուլի մէջ գտնուող նիւթերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020