ԲԱՆՏԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Աֆղանիստանի մէջ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) երէկ յարձակում գործեց բանտի մը վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ երկրի Նանկարհարի նահանգի Ճալալապատ քաղաքէն ներս։ Լայնածաւալ զինեալ բախումներէ վերջ բանտէն փախուստի դիմեցին մեծ թիւով կալանաւորներ։

Այդ կալանավայրէն ներս բանտարկուած էր շուրջ երկու հազար հոգի, որոնց շարքին կը գտնուէին ո՛չ միայն քրէական յանցագործներ, այլ նաեւ՝ ԻՇԻՊ-ի կամ «Թալիպան»ի մարտիկներ։ Բանտի վրայ յարձակումը կատարուած է ԻՇԻՊ-ի կողմէ։ Դէպքին հետեւանքով առնուազն 29 հոգի սպաննուած է՝ ներառեալ խաղաղ բնակիչներ, երեխաներ, բանտի պահակներ եւ բանտարկուած զինեալներ։ Աւելի քան 40 հոգի ալ վիրաւորուած է։

Նահանգային վարչակազմի աղբիւրները հաղորդեցին, որ բախումներու ընթացքին ոստիկանութեան օգնութեան փութացած են նաեւ Աֆղանիստանի բանակի ստորաբաժանումները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020