ԲԱՐԵՅԱՋՈՂ ԸՆԹԱՑՔ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ զօրավարժութիւնները կը շարունակուին։ «Թուրազ արծիւներ» կոչուած լայնածաւալ զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս թրքական «Ֆ-16» կործանիչները թռիչք կը կատարեն Ատրպէյճանի երկինքին վրայ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ ռազմափորձերը կը շարունակուին յաջողութեամբ։ Ըստ նախարարին, տարեկան ծրագրաւորուած զօրավարժութիւններ են ասոնք։ Ցամաքային եւ օդային զօրքերու տարրերը կը մասնակցին ռազմափորձերուն։ Եղբայրական Ատրպէյճանի հետ տարուած այդ ծաւալուն աշխատանքը օգտակար է երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն համար։ «Ինչպէս միշտ, մենք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու կողքին ենք, ու պիտի շարունակենք ըլլալ։ Ցարդ Ատրպէյճանի հզօրանալուն համար անհրաժեշտ ամէն ինչ ըրած ենք, մեր հնարաւորութիւնները այս ուղղութեամբ օգտագործած ենք, ասկէ վերջ ալ պիտի ընենք նոյնը։ Թէեւ ոմանք այս բոլորին տարբեր իմաստ կը վերագրեն, սակայն մենք ծրագրուած ռազմափորձերով այնտեղ յառաջ տարած ենք մեր մարզման աշխատանքները ու պիտի շարունակենք նոյնութեամբ», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

Միւս կողմէ, համատեղ ռազմափորձի սկսելէն վերջ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Երկու ղեկավարները այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեցին, թէ Անգարա-Պաքու համագործակցութիւնը օր օրէ կը զարգանայ։ Ալիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի վերջին ռազմական սադրանքներուն հետեւանքով ծագած են դէպքեր, որոնց կապակցութեամբ տրուած վճռակամ աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին։ 

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն ճոխ տեսանիւթեր հրապարակեց համատեղ զօրավարժութիւններուն մասին։

Միւս կողմէ, միջազգային գետնի վրայ կը շարունակուին Հայաստան-Ատրպէյճան վերջին բախումներու եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան ներկայ զօրավարժութիւններու արձագանգները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն Ալեքսէյ Զայցեւ անդրադարձաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն։ Ան ընդգծեց, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցի 5 հազար զինուոր, նաեւ կ՚օգտագործուին յարձակողական, պաշտպանողական եւ հակաօդային զինատեսակներ։ «Մենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածքաշրջանի իրավիճակին՝ յատկապէս հաշուի առնելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին հակամարտութիւնը։ Հաստատակամօրէն կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղենք՝ ներառեալ անոնց ընթացիկ ռազմական գործունէութիւնը», ըսաւ ռուս դիւանագէտը։

Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Մոսկուա պատրաստ է շարունակել իր ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան հաստատման նպատակով։ Զայցեւի խօսքով, Ռուսաստան մեծապէս մտահոգուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնով եւ համոզուած՝ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ միջոցներով՝ դիւանագիտական բանակցութիւններու ճանապարհով։ Սա Ռուսաստանի անփոփոխ դիրքորոշումն է, ինչ որ կը բաժնեն նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան։

Ներկայ լարուած շրջանին Ուաշինկթընի մէջ ալ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան՝ մանաւանդ Պաքուի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւններուն, որոնք զուգադիպեցան Հայաստանի հետ սահմանային բախումներու շրջանին։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ զերծ մնալ բռնութիւններէ եւ յարգել հիմնարար ազատութիւնները։ The Washington Post յայտնի թերթն ալ գրեց, որ Ալիեւ մտադիր է վերջ դնել քաղաքական ընդդիմութեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020