ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՄԷՆ ՍՄԲԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Սա Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ հաւատարմագրուելէ վերջ դեսպան Արմէն Սմբատեանի առաջին այցելութիւնն էր։ Կը հաղորդուի, որ ան ընդունուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։ Բացի Նորին Ամենապատուութեան կողմէ հիւրընկալուելէ, Արմէն Սմբատեան հանդիպում մը ունեցաւ սաղիմահայ զանազան կառոյցներու վարչայիններուն հետ. օրինակ՝ Հայ երիտասարդաց միութիւն, Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւն եւ Երուսաղէմի Հայ բարեսիրական միութիւն։

Այս հանդիպումներուն ընթացքին Արմէն Սմբատեանին ընկերացան Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան եւ դեսպանատան անձնակազմէն Արսէն Առաքելեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020