ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա մտահոգութիւն յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալման կապակցութեամբ։ Ըստ նախարարին, իսլամաց տօնի վերջին արձակուրդի օրերուն դժբախտաբար համաճարի գործօնը անտեսուած է թէ՛ զբօսավայրերէ ներս եւ թէ տօնակատարութիւններու ընթացքին։ Ցարդ կարգ մը քաղաքներով սահմանափակուած էր համաճարակի առկայ ծաւալումը, իսկ ներկայիս մտահոգութիւն ծագած է, թէ այդ ալիքը կրնայ տարածուիլ ամբողջ երկրէն ներս։ Ստեղծուած մտահոգութեան պայմաններուն ներքեւ նախարարը կոչ ուղղեց, որպէսզի զօրակցութիւն մը ստեղծուի նախազգուշական միջոցներու ուղղութեամբ։

Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած անհանգստութիւնները արդէն կը ցոլանան նաեւ վերջին վիճակագրական տուեալներուն վրայ։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի իւրաքանչիւր օրուան դէպքերու թիւը հասած է դարձեալ հազարի շեմին։ Առկայ ընթացքով շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ ձեւով հազարէն շատ աւելի բարձր ցուցանիշներ արձանագրուին երկրէն ներս։

Երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Ինչպէս ծանօթ է, նախարարութիւնը որոշած է այլեւս չհրապարակել խտացեալ խնամքի տակ կամ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ գտնուող հիւանդներու թիւը։ Երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 41 հազար 301 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 995 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1003։ Ներկայիս 580 վարակեալի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տուեալներուն առընթեր, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ մասնագէտներն ալ ահազանգ կը հնչեցնեն ստեղծուած իրադրութեան շուրջ։ Մասնաւորապէս խորհուրդներ կը տրուին անոնց, որոնք վերադարձած են արձակուրդէ։ Անոնք կը հրաւիրուին յառաջիկայ երկու շաբթուան տեւողութեան ըլլալու չափազանց զգոյշ։ Նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի ներկայացուցիչները խիստ վտանգաւոր կը համարեն հրապարակները, լողափները եւ հանրային փոխադրամիջոցները։ Վերջին արձակուրդի օրերուն ստեղծուած մեծ խտութիւններու հետեւանքները վիճակագրական տուեալներուն վրայ պիտի սկսին ցոլանալ յառաջիկայ 10-15 օրուայ ընթացքին։ Մասնագէտներ կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր 20 վարակեալէ մէկուն կացութիւնը ծանր կը համարուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020