ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՎԻԺԵՑՆԵԼ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս առթիւ Մաքրոն Փաշինեանը շնորհաւորեց վարչապետ վերանշանակուելու կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայ-ֆրանսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներու առընթեր, երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան տարածքաշրջանային բնոյթով հարցերու։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը որեւէ ձեւով խաչաձեւուող գործընթացներ չեն։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր վերնախաւին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Արշակ Կարապետեանը։ Այս առթիւ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութեան եւ օրակարգի այլ հրատապ խնդիրներուն։ Ան ըսաւ.

«Առաջինը՝ կ՚ուզեմ արձանագրել, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ունինք բաւական լարուած իրավիճակ։ Գիտէք նաեւ, որ մայիսի 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ապօրինի կերպով հատած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը։ Եւ այս ընթացքին բազմիցս քննադատութիւններ հնչած են, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի զինեալ ուժերը միջոցներու չեն ձեռնարկեր՝ այդ իրադրութիւնը յաղթահարելու համար։ Կ՚ուզեմ արձանագրել՝ մեր դիրքորոշումը ի սկզբանէ եղած է հետեւեալը. քանի դեռ կայ հնարաւորութիւն՝ իրադրութիւնը լուծելու դիւանագիտական, քաղաքական ճանապարհով, մենք պիտի երթանք այդ ճանապարհով։ Եւ քանի տակաւին կը տեսնենք նման հնարաւորութիւն՝ գործընթացները պիտի տանինք այդ իսկ ճանապարհով»։

Փաշինեան շեշտեց, որ, ըստ էութեան, Ատրպէյճան կը շարունակէ որոշ ակրեսիւ քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի դէմ։ Այդ քաղաքականութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճան կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ինք տարածքաշրջանէ ներս եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծած է օրակարգ մը եւ ինքը, ըստ էութեան, կը պարտադրէ այդ օրակարգը։ Այսինքն՝ այդպիսի տպաւորութիւն մը ստեղծել կը ջանայ Պաքուն։ «Պիտի արձանագրենք, որ մենք մեր սեփական օրակարգը ունինք եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ էութեան, եղած է եւ կը շարունակէ մնալ իր միջազգային պարտաւորութիւններու շրջանակին մէջ։ Եւ նրբութեան մը մասին նաեւ ձեզ պէտք է տեղեակ պահեմ, թէ այդ օրակարգի վերաբերեալ Ատրպէյճան կը փորձէ սեփական մեկնաբանութիւնները ներկայացնել եւ ինչպէս բազմիցս ըսած եմ, նպատակը այդ օրակարգի հարցերու լուծման վիժեցումն է։ Այսինքն՝ իրականութեան մէջ կը փորձուի հնարաւորութիւն չտալ լուծել հարցերը, որոնք կը գտնուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան օրակարգին վրայ», շարունակեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։

«Բոլորը պէտք է իմանան, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով միջանցքի մը վերաբերեալ երբեք որեւէ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած։ Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ բանաւոր, ո՛չ ալ գրաւոր այդ նիւթին վերաբերեալ ոչ միայն որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած, այլեւ մենք բոլոր պարագաներով, երբ այդպիսի նախադասութիւններ հնչած են, յստակ մեր դիրքորոշումը արտայայտած ենք։ Եւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ունինք, ըստ էութեան, արտայայտուած 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի յայտարարութիւններուն մէջ», ընդգծեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ կայ պայմանաւորուածութիւն հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ եւ սա յստակ արձանագրուած, ձեւակերպուած է յունուարի 11-ի յայտարարութեան մէջ։

«Ի՞նչ գրուած է այդ յայտարարութեան մէջ։ Այդ յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Ատրպէյճանի տարածքով բեռներ տարանցելու։ Ատրպէյճան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տարածքով բեռներ տարանցելու։ Եւ կ՚ուզեմ բոլորիդ ուշադրութիւնը հրաւիրել յունուարի 11-ի յայտարարութեան թեքստին վրայ։ Այնտեղ շատ յստակ գրուած է, որ պէտք է քննարկուին եւ համաձայնութիւններ ձեռք բերուին մաքսային, սահմանապահ, առողջապահութեան հսկողութեան վերաբերեալ։ Այսինքն՝ կայ յստակ արձանագրում, թէ ինչպէս ընդունուած է տրամաբանականօրէն եւ ինչպէս տեղի կ՚ունենայ, Հայաստանի տարածքը՝ որպէս տարանցիկ ուղի օգտագործելու պարագային, ինչպէս մնացեալ բոլոր պարագաներով է, այդ հատումը պէտք է տեղի ունենայ այդ կանոններով։ Ինչպէս օրինակ, կը հատեն Վրաստանի կամ Իրանի քաղաքացիները։ Այսինքն՝ այդ նոյն կանոններով։ Ի հարկէ, մենք այդ օրակարգը ընդունած ենք», շարունակեց վարչապետը, որ աւելի վերջ կանգ առաւ սահմանազատման եւ սահմանագծման նիւթին վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Նախընտրական շրջանին ալ ես քանի մը անգամ ըսած եմ, որ սա մեր օրակարգն է։ Եւ դուք կը յիշէք այդ բանը, այսպէս կոչուած, «սարսափազդու» փաստաթուղթի վերաբերեալ լուրերու արտահոսքի պայմաններուն ներքեւ եւ այդ օրերուն կառավարութեան նիստին ես յայտարարեցի, որ մենք կ՚ընդունինք այդ օրակարգը եւ պիտի ընդունինք այդ օրակարգը։ Սա նաեւ մեր օրակարգն է, որովհետեւ ունենալ գծուած ու զատուած սահմաններ, մօտաւորապէս նոյնն է, թէ ունենալ պարիսպ սեփական երկրի շուրջ։ Եւ ես կը շարունակեմ այդ դիրքորոշումը ունենալ։ Նախապէս ալ այդ փաստաթուղթի քննարկման ժամանակ մենք ըսած ենք, որ մեզի համար անընդունելի է Ատրպէյճանի զօրքերու ներկայութիւնը մեր տարածքէն ներս եւ այդ պայմաններուն ներքեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց իրականացնելը։ Եւ մենք այդ ժամանակ այս իսկ պայմանները առաջադրած էինք՝ այդ խնդիրը լուծելու եւ այդ ճանապարհով յառաջ երթալու համար»։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան շեշտեց նաեւ, թէ Պաքու կ՚ուզէ իրադարձութիւնները այնպէս մը զարգանան, որ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացումը տեղի չունենայ։

Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այժմու մեծագոյն խնդիրներէն մին է՝ հայկական զինեալ ուժերու բարեփոխումներու գործընթացի առաւել թափով իրականացումը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021