ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ՅԱՅՏՆԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Նորընտիր խորհրդարանը, որ ընտրուեցաւ վերջին արտահերթ ընտրութիւններով, երէկ առաջին փոխ-նախագահ ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի առաջին փոխ-նախագահ ընտրուած Ռուբէն Ռուբինեան անցեալ շրջանին կը գլխաւորէր խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը։ Այսօր ալ կը նախատեսուի խորհրդարանի միւս երկու փոխ-նախագահներուն ընտրութիւնը։ Իշխանութիւնը միւս փոխ-նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու առաջարկած է Յակոբ Արշակեանը, որ նախկին շրջանին նախարարի պաշտօն կը վարէր։ Ընդդիմութեան կողմէ խորհրդարանի փոխ-նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն Իշխան Սաղաթելեան, որ մաս կը կազմէ «Հայաստան» դաշինքին։

Բաց աստի, նոր կառավարութեան անդամներն ալ սկսան երէկ աստիճանաբար յայտնի դառնալ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկներուն հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագրեր, որոնցմով Մհեր Գրիգորեան վերանշանակուեցաւ փոխ-վարչապետ, Կարէն Անդրէասեան նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարար, Տիգրան Խաչատրեան՝ ելմտական նախարար, Անահիտ Աւանէսեան՝ առողջապահութեան նախարար, Անդրանիկ Փիլոյեան՝ արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Վահան Քերովբեան՝ տնտեսութեան նախարար եւ Վահրամ Տումանեան՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնամարզի նախարար։

Միւս կողմէ, անցեալ շրջանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան յառաջիկայ շրջանին պիտի գլխաւորէ Պետական եկամուտներու կոմիտէն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021