ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԸ ԲԱՑԱՌԵԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Վեհափա՛ռ Տէր,

Յարգելի՛ նախագահող,

Յարգելի՛ պատգամաւորներ,

Կը շնորհաւորեմ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին առիթով։ Կը շնորհաւորեմ խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերը եւ բոլոր պատգամաւորները, կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք։ Միեւնոյն ժամանակ, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր քաղաքացիներուն՝ իրենց դիրքորոշումները այս կամ այն կերպով արտայայտելու, այդպէսով իսկ պետական, քաղաքական ու հասարակական կեանքին մասնակցելու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ նախորդ գումարման խորհրդարանի պատգամաւորներուն օրէնսդիր մարմնէն ներս իրենց գործունէութեան համար։

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Յունիսի 20-ին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով Ազգային ժողովէ ներս ներկայացուած քաղաքական ուժերու, այսինքն՝ ձեզի, հնարաւորութիւն ընձեռուած է նախ՝ մշակել եւ ապա՝ իրականացնել ապագային միտուած, իրական ռազմավարական ծրագրեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կ՚ակնկալեն, որ կը գտնուին առկայ խնդիրներու լուծումները եւ կը դրսեւորուի կամք՝ Հայաստանը ուղղորդելու դէպի զարգացում, դէպի ապագայ։ Այդ ապագան պէտք է կերտուի ուժեղ, հաւասարակշռուած եւ յառաջադէմ պետութեան տեսլականին շուրջ։ Ապագան առանձին վերցուցած մեզմէ ոեւէ մէկու կամ առանձին կուսակցութեան շահերը չեն։ Ապագան մենք ենք՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն, միաւորուած ընդհանուր պատմական յիշողութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր երեխաներու, նաեւ նախնիներու հանդէպ ունեցած պարտքով։ Անոնք դարեր շարունակ պայքարած են սեփական անկախ պետութիւն մը ունենալու համար։ Մենք պատրաւոր ենք խորապէս գիտակցիլ եւ արժեւորել միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր պետականութեան գոյութեան փաստը։ Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու համար մեր պետականութիւնը, պահպանելու՝ որպէս հիմնական համազգային գաղափարախօսութիւն, որպէս կարեւորագոյն համահայկական արժէք։

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Արդիւնաւէտ կառավարման էութիւնը ամէն ինչէ առաջ ազնիւ եւ պատասխանատու ըլլալն է։ Անշուշտ, պէտք է ըլլալ արհեստավարժ, աշխատասէր, կարգապահ եւ կազմակերպուած, ունենալ տեսլական եւ ծրագիր։ Սակայն, կրկնեմ, նախ եւ առաջ պէտք է ըլլալ ազնիւ եւ պատասխանատու։ Ցանկալին որպէս իրականութիւն ներկայացնելու փորձերը, տեմակոժին եւ ամբոխավարութիւնը ճանապարհ են դէպի փակուղի։ Պէտք է ազնիւ, բաց եւ ուղիղ խօսինք առկայ խնդիրներու մասին, սթափ եւ սառնասրտօրէն գնահատենք մեր իրական հնարաւորութիւնները, խիզախութիւն ունենանք ընդունիլ մեր թերութիւններն ու սխալները եւ պատասխան տանք անոնց համար։ Իւրաքանչիւրս պէտք է պատասխանատու զգանք մեր երկրի, մեր պետականութեան ապագային համար։ Եւ միայն ազնիւ ու արդար կառավարումը կրնայ փոխել իրավիճակը՝ յաղթահարել հիասթափութիւնը, լաւատեսութիւն սերմանել, վերականգնել եւ ամրապնդել կապը քաղաքացիի եւ պետութեան միջեւ։ Եկած է ժամանակը՝ ունենալ պետութիւն, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր հիմնական գործառոյթները, ներառեալ՝ սահմաններու եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, արժանապատիւ կենսամակարդակի ապահովումը, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորուած պաշտպանութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութեան ապահովումը, մարդկային ներուժի իրացման պայմաններու ստեղծումը… Մեր ժողովուրդը եւ մեր երկիրը արժանի են այս բոլորին։

Յարգելի՛ պատգամաւորներ,

Այսօր առաջնահերթութիւն է խոր եւ բազմաշերտ ճգնաժամէն դուրս գալու ելքեր գտնելը։ Ակնյայտօրէն, այս համատեսքին մէջ առաջնային խնդիր է բացառել պառակտումը։ Մենք չենք կրնար ոեւէ մէկուն թոյլ տալ՝ մեր ժողովուրդը բաժանել ու տարբերակել ըստ աշխարհագրական, քաղաքական կամ որեւէ այլ չափորոշիչի։ Բոլորս պէտք է ունենանք մէկ գլխաւոր նպատակ՝ պահպանել եւ զարգացնել մեր պետականութիւնը։ Պառակտումն ու ներքին թշնամանքը մեզ միայն կը հեռացնեն այդ նպատակէն, կը թուլացնեն պետականութեան հիմքերը։ Եւ այդ պարագային՝ մեր թշնամիներուն եւ հակառակորդներուն կը մնայ միայն նստիլ ու հետեւիլ, թէ մենք ինչպէս ամէն օր մենք մեզ կը թուլացնենք, անուղղելի վնաս կը հասցնենք մեր պետութեան դիմադրունակութեան։ Այսօր մենք կը գտնուինք պատմական կարեւորագոյն փուլի մէջ։ Եւ պէտք է պարզ հարց մը տանք մենք մեզի. ի՞նչն է աւելի կարեւոր՝ յանուն պատրանքային շահերու տեղային չակերտաւոր «պատերազմնե՞րը», թէ՞ հայրենիքի նկատմամբ սէրը, զոր մեզմէ կը պահանջէ զոհաբերել անձնականը ընդհանուրի համար։ Մեր անվտանգութեան գրաւականը մեր միասնութիւնն է։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Աշխարհ սրընթաց կը փոխուի։ Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ փորձագիտական զարգացման արդիւնաւէտ մոտելի մը կառուցման համար պէտք է ուշադիր հետեւինք եւ մաս կազմենք համաշխարհային նոր միտումներուն եւ ըլլանք մրցունակ։ Ակնյայտ է, որ սահմանափակ աշխարհաքաղաքական եւ բնական պաշարներով, փոքր պետութիւններու գոյատեւումը եւ զարգացումը առաւելապէս կախեալ է պետութեան որակէն, պետական կառավարման որակէն եւ մարդկային ներուժի հետ որակեալ, համակարգուած աշխատանքէն։ Մենք բացառութիւն չենք։ Ակնյայտ է նաեւ, որ մեր պարագային մարդկային պաշարն իսկ պէտք է ըլլան ազգային եւ պետական շինարարութեան հիմքին։ Մեր ունեցած այդ պաշարը կը գտնուի Հայաստանի մէջ, եւ ի հարկէ, Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Սովոր ենք հպարտանալ աշխարհասփիւռ ականաւոր հայերու ձեռքբերումներով։ Կը պատմենք անոնց մասին, գիրքեր կը գրենք։ Հակասական վիճակ է  հայկական հսկայական ներուժէն կ՚օգտուի ամբողջ աշխարհը, բացի Հայաստանէն։ Սփիւռքը Հայաստանի համար դրամապանակ չէ, այլ՝ անոր ազգային, պետական ինքնութեան կարեւորագոյն մասնիկը։ Մեր հայրենակիցները իրաւունք ունին ազդել իրենց հայրենիքի ճակատագրին վրայ։ Հայաստանն ու սփիւռքը միեւնոյն մետայլի երկու տարբեր կողմերն են եւ այդ փաստը այլեւս կարելի չէ անտեսել։ Եկած է ժամանակը դրսեւորելու քաղաքական կամք եւ ամրագրելու իրաւական անհրաժեշտ դրութիւններ. դրութիւններ, որոնք մեր հայրենակիցներուն հնարաւորութիւն կու տան հայրենիքին, Արցախին օգտակար ըլլալ պետականաշինութեան իրենց հմտութիւններով, կարողութիւններով, արհեստավարժութեամբ, գիտելիքով եւ փորձառութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք եւ մեր բոլոր հայրենակիցները պէտք է Հայաստանը ընկալենք որպէս մեր յենման կէտը։

Յարգելի՛ պատգամաւորներ,

Պետութեան որակը առաջին հերթին արդիւնաւէտ գործող պետական համակարգն է՝ կայացած, զիրար լրացնող եւ հաւասարակշռող կառոյցներով, զսպումներու ու հակակշիռներու գործօն դրութիւններով։ Մեր երկրի ճգնաժամային իրավիճակը հերթական անգամ կ՚ապացուցանէ, որ մէկ մարդը, մէկ կուսակցութիւնը, մէկ խումբը, մէկ կառոյցը առարկայականօրէն չեն կրնար կարգաւորել լրջագոյն եւ բազմաշերտ խնդիրներու ամբողջութիւնը։

Իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքը ո՛չ թէ լիազօրութիւններու փոխանցման, այլ՝ պատասխանատուութեան բաժանման մասին է։ Ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը նշանակէ ո՛չ թէ իշխանութեան բաժանում հաւասար չափաքանակներով, այլ՝ խմբային պատասխանատուութիւն ինչպէս ձեռքբերումներու եւ յաղթանակներու, այնպէս ալ բացթողումներու եւ թերութիւններու համար։ Որպէս հնագոյն քաղաքակրթութեան կրողներ՝ մենք իրաւունք չունինք մակերեսային վերաբերմունք դրսեւորել պետական կառավարման հիմնարար սկզբունքներուն հանդէպ։ Գլխաւոր ներքին առաջնահերթութիւնը ամուր պետական դիմադրունակութեան ձեւաւորումն է։ Կ՚ուզեմ կրկնել՝ ամուր պետական դիմադրունակութեան ձեւաւորումը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ պետութեան պայքարիլ որեւէ ոտնձգութեան կամ խախտման դէմ։ Մեր տեսլականը պէտք է կառուցուի բարձր փորձագիտութիւններու համատեսքին մէջ՝ օգտագործելով մեր հարստութիւնը, մարդկային դրամագլուխը։ Ահա այս բանին հիմքերը. որպէս զարգացման տնտեսական մոտելի եւ նոր սերունդի ռազմարդիւնաբերական համալիրի հիմք՝ շեշտը դնել արհեստական բանականութեան, տեղեկատուական եւ բարձր փորձագիտութիւններու, կենսափորձագիտութիւններու վրայ։ Ժամանակակից գիւղատնտեսութիւն եւ սնունդի անվտանգութեան վրայ, որակապէս մրցունակ գիտակրթական համակարգի վրայ, որակեալ առողջապահական համակարգի վրայ, անցում մարդակեդրոն ընկերային-ժողովրդավարական կենսակերպի՝ միտուած իւրաքանչիւր քաղաքացիի ընկերային վիճակը բարելաւելու եւ արժանապատիւ կեանք ապահովելու եւ, ի հարկէ, սահմանադրական փոփոխութիւններ։ Մենք պէտք է հասկնանք, թէ մեզի համար կը սկսի պատմութեան նոր էջ՝ իր մարտահրաւէրներով եւ չսխալելու հրամայականով։ Ի հարկէ, ամուր եւ կայուն համակարգի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են մասնագիտական յատուկ դպրոցներ, որոնք պէտք է բարձրակարգ արհեստավարժներ պատրաստեն ռազմավարական նշանակութեամբ ոլորտներու համար։ Կարեւոր եւ անհրաժեշտ է՝ ձեւաւորել ընկերային հաւասարութեան վրայ հիմնուած համակարգ. համակարգ, ուր համապատասխան պայմաններ կը ստեղծուին պետական եւ ազգային շահով առաջնորդուող շնորհալի, երիտասարդ անհատներու կայացման եւ յառաջխաղացման համար։ Խօսքը կարեւորագոյն շերտի մը՝ պետական մտածելակերպով գործիչ պատրաստելու մասին է, ինչ որ քաղաքականացուած չէ, այլ՝ կը ծառայէ բացառապէս պետութեան շահերուն։

Հիմնական սկզբունքները նոյնպէս պարզ են. նուիրուածութիւնը պետութեան, գաղափարին նկատմամբ, մասնագիտութիւնը, իրազեկուածութիւնը, կայացած ըլլալը, համակարգուած մտածելակերպը եւ նպատակամղուածութիւնը։ Առանց ամուր դիմադրունակութեան մենք կրնանք դառնալ հեշտ թիրախ եւ իջնել «ձախողած պետութեան» մակարդակին՝ բոլոր հետեւանքներով։ Իսկ պատասխանատու եւ արհեստավարժ մօտեցման պարագային մենք կրնանք հասնիլ լուրջ յաջողութիւններու։ Ուստի, անհրաժեշտ է շարժման անցընել բոլոր պաշարները եւ դրսեւորել նուրբ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, վճռական վարքագիծ։

Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, պետութեան պաշտպանութեան արդիւնաւէտ կազմակերպումը, Արցախի կարգավիճակի լուծումը եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող մեր գերիներու վերադարձը պէտք է դառնան մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները։

Մեր դաշնակիցներն ու գործընկերները ի դէմս Հայաստանի պէտք է տեսնեն հասուն, կանխատեսելի, վստահելի, ուժեղ երկիր մը. երկիր, որ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունենալով Ռուսաստանի հետ, միեւնոյն ժամանակ, կրնայ շատ խոր եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունենալ թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ Հարաւի եւ թէ Հիւսիսի հետ… Մեզի համար չափազանց դժուար պիտի ըլլայ գտնել մեր տեղը միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ, եթէ չյստակեցնենք մեր սեփական նպատակները եւ շարժման հետագիծերը։ Երկարաժամկէտ հեռանկարով մենք ունինք միայն մէկ տարբերակ՝ դառնալ տարածքաշրջանային մրցունակ երկիր, օգտագործելով մեր հսկայական համաշխարհային ներուժը։ Աշխարհ կը գտնուի յետմիաբեւեռ համակարգի ձեւաւորման ճանապարհին, ուր բացի աւանդական խաղացողներէն՝ ի դէմ մեծ պետութիւններու, էական դեր պիտի ունենան նաեւ փոքր, բայց սփռուածութիւն ունեցող ազգերն ու պետութիւնները։ Մեզի տրուած է հերթական պատմական հնարաւորութիւնը եւ այդ մէկը կարելի չէ բաց թողել։

Մենք պէտք է հրաժարինք աճպարարական գործունէութենէ եւ անցնինք բովանդակալից գործունէութեան։ Այլապէս լաւագոյն պարագային հաւանական է յայտնուինք պատմութեան լուսանցքին։ Իսկ բովանդակալից գործունէութեան պարագային պիտի ըլլանք այն, ինչի մասին կը խօսէի՝ տարածքաշրջանային մրցունակ, ուժեղ երկիր։ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը պատրաստ է իր սահմանափակ սահմանադրական հնարաւորութիւններու շրջանակին մէջ գործնական, յստակ ներդրում ունենալ բովանդակալից պետութեան կառուցման ուղղութեամբ. պետութիւն, որ իր վրայ պիտի վերցնէ ազգը դէպի ապագայ առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը։

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Ձեզի մեծ պատիւ եւ արտօնութիւն ընձեռուած է։ Յիշեցէք սա եւ գնահատեցէք։ Բոլորիդ կը մաղթեմ հաստատակամութիւն, քաղաքական իմաստութիւն, խիզախութիւն եւ ամենայն բարիք։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021