«ԹՈՌՆԵՐ»ՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
«Թոռներ․ պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւններ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Պոլսոյ «Կէօթէ» հիմնարկի, «Անատոլու քիւլթիւր»ի, Թարապիոյ մշակոյթի ակադեմիոյ եւ «Հայնրիխ Պէօլ» հիմնադրամի Պոլսոյ ներկայացուցչութեան նեցուկով, երէկ բացաւ իր դռները Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» ցուցասրահին մէջ։
Ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 1-ը, առիթ կը դառնայ դիտելու եւ տեսնելու հետեւեալ հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները․ Աշոտ Աշոտ (Երեւան-Փարիզ), Մարիան Պետոյեան (Պուէնոս Այրէս), Թալին Պիւյիւքքիւրքճեան (Պոլիս), Հերա Պիւյիւքթաշճեան (Պոլիս), Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեան (Պուէնոս Այրէս-Պերլին), Լինտա Կանճեան (Նիւ Եորք), Արշի Կալենց (Մոսկուա-Պերլին), Կարինէ Մացակեան (Երեւան), Միքայէլ Օհանջանեան (Երեւան-Ֆլորանսա), Անի Սեթեան (Պոլիս), Արման Թադէոսեան (Կիւմրի-Նանսի), Սքութ Թիւֆանքճեան (Նիւ Եորք) եւ Մարի Զոլամեան (Պէյրութ-Լիէժ)։
Ցուցադրութեան յղացումը կը պատկանի Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեանին, որ ստանձնած է նաեւ նախագծի համակարգողի պարտականութիւնը։
Ցուցահանդէսին բացման առթիւ երէկ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն արուեստագէտներուն առընթեր մասնակից դարձան նաեւ «Անատոլու քիւլթիւր»էն Օսման Քավալա, «Կէօթէ» հիմնարկէն Քրիստիան Լիւֆֆէ, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին ձեռնարկին վերաբերեալ։
Շարժունակ եւ վերացական աշխարհը պայքար կը մղէ ազգային կամ կրօնական հիմք ունեցող նոյնացումներուն դէմ։ Այս առումով, հայերը կրնան լաւ օրինակ հանդիսանալ այն խումբերուն, որոնք ունին երկար, համաշխարհայնացած պատմութիւն մը։ «Թոռներ. պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւններ» ցուցահանդէսը նպատակ ունի լուսարձակի տակ առնելու հայերու անդրազգային հասարակութենէ մը ներս անհատական եւ հասարակաց կապերը, սփիւռքեան ինքնութիւնը զօրացնող եւ սնուցանող միջոցները եւ անոնց ներկայացման ձեւերը։
Հայերու սփիւռքացումը թէեւ պատահած է պատմական տարբեր իրադարձութիւններու արդիւնքին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ մրցիլ 1915-ին երիտասարդ-թուրքերու իշխանութեան տարիներուն պատահած ոչնչացումին եւ տեղահանութեան հետ։
2006-էն ի վեր գոյացաւ միջավայր մը, ուր արուեստագէտներ իրարու հետ կրնային համագործակցիլ տարբեր ձեւերով, վերացական տեսողական երկխօսութեան մէջ մտնել ու կազմակերպել ցուցահանդէսներ, կազմել ընկերութիւններ՝ տարբեր հաւաքներու ձեւով։ Զանազան ձեռնարկներու ժամանակ տեղի ունեցած քննարկումները հաւաքուեցան մէկ կէտի շուրջ՝ ազգային սահմաններէ, աւանդութիւններէ եւ լեզուներէ անդին ինքնութիւն մը կերտելու ներուժին։ Խօսուեցաւ, թէ հաղորդակցութեան նոր միջոցները բաց դաշտ մըն է տարբեր մերձեցումները քննող փորձարկումներու համար եւ զայն կարելի է դիտարկել որպէս հնարաւորութիւն մը արուեստի նոր միտումները արտայայտելու, զօրակցութիւն եւ միութիւններ ստեղծելու ռազմավարութիւններ զարգացնելու նպատակով։ Արուեստագէտներուն Հայաստանի հանդէպ մերձեցումը կ՚անդրանցնի աշխարհագրական ու ծնաբանական կերպով ճշդուած ազգի գաղափարը։ Ներկայ իրականութիւնը, որ հետեւանքն է Ի. դարասկիզբէն մինչեւ դարավերջ երկարող տեղահանութեան ընթացքի մը, շրջանակուած է հակասութիւններով․ ներկայութիւն ու բացակայութիւն, բազմալեզուութիւն եւ մշակութային բազմազանութենէ բխող հարստութիւն եւ առիթներ, «հայկական» արդի արուեստի մշակութային «ան-վայր»ութիւնը, մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ միաժամանակ մշակութային նոր տեսարաններ ստեղծելու կարիքը կը հանդիսանան ինքնութեան մը հնարաւորութիւններն ու ծուղակները։
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Նոյեմբերի 1-ը։