Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ամերիկահայ գործարար ու բարերար Վահագան Յովնանեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
Հանգուցեալին նկատմամբ իր վերջին յարգանքը մատուցելու փութացած էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որու հետ էին Հայաստանի պետական աւագանիէն ներկայացուցիչներ։
Յովնանեան ընտանիքին անդամները այս տխուր հրաժեշտին առթիւ ընդունեցին հոծ թիւով յուղարկաւորներու վշտակցութիւնները։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015