ՄՈԿԵՐԻՆԻԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Եւրոմիութեան պաշտպանութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու գծով յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը կ՚ապրի քաոսի ժամանակաշրջան։

Երէկ, Մոկերինի ելոյթ մը ունեցաւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին։ Այս առթիւ ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատարը ըսաւ. «Ամբողջ աշխարհ կ՚ապրի քաոսի ժամանակաշրջան մը։ Հարցը այն է, թէ արդեօք սա ժամանակաւո՞ր երեւոյթ մըն է, թէ ոչ երկարաժամկէտ միտում մը»։

Մոկերինիի խօսքով՝ Եւրոմիութեան խնդիրն է՝ ըլլալ հանգուցային համաշխարհային խաղացող մը։ «Մենք պատրաստ ենք այս բանին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ներկայ իրավիճակին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու պարագային բազմակողմանիութենէ հեռանալու միտում մը կը դիտարկուի՝ դէպի երկիրներու եւ անոնց ղեկավարներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններ։ ԵՄ-ի խնդիրն է աջակցութիւն ցուցաբերել խմբային համագործակցութեան գործնականութեան, բազմաբեւեռ եւ արդար աշխարհի պահպանումը։ Ան յիշեցուց, որ այսօր աշխարհ բաժնուած է ազդեցութեան ոլորտներու։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018