ՏՈԼԱՐԻ ԴԷՄ ՔԱՅԼ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ Թրքական խորհուրդի 6-րդ գագաթաժողովին։ Խրղըզիստանի մէջ տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը, որու տանտէրն էր այդ երկրի նախագահ Սոորոնպայ Ճէէնպեկով։ Գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին էին Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզիեոյեւ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Նախագահ Էրտողան այս գագաթաժողովի ընթացքին կոչ ուղղեց՝ որպէսզի թրքախօս աշխարհը տեղական արժոյթներով առեւտուր կատարէ։ «Որպէս թրքախօս երկիրներ՝ մեր ցուցաբերելիք համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ միջազգային համակարգի արդար ձեւով ընթանալուն։ Միջազգային առեւտուրի մէջ ամերիկեան տոլարէն առկայ կախուածութիւնը այլեւս սկսած է մեր դէմ ցցուիլ իբրեւ խոչընդոտ։ Մենք այս կապակցութեամբ կ՚առաջարկենք՝ որպէսզի կեդրոնանանք իրարու հետ սեփական արժոյթներով առեւտուր ընելու այլընտրանքին վրայ», ըսաւ Էրտողան գագաթաժողովի ընթացքին։

Բաց աստի, գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, որ վերջին շրջանի միջազգային նախընթացները, սկզբունքներն ու կանոնները քմահաճօրէն կ՚ոտնահարուին։ «Կարգ մը երկիրներ, միջազգային խնդիրներու լուծման մէջ դիւանագիտութեան, երկխօսութեան ու բազմակողմանիութեան փոխարէն՝ կը ջանան յառաջ քշել սպառնալիքը, ճնշումը։ Առեւտուրի սահմանափակումներու, մաքսատուրքերու եւ պատժամիջոցներու նման եզրերով երկար տարիներու համաձայնութիւնները ակնթարթի մը մէջ կրնան անիմաստ դառնալ։ Թուրքիա միջազգային ընտանիքի հետ զօրակցութեան մէջ պիտի շարունակէ պաշտպանել երկխօսութիւնը, դիւանագիտութիւնը, արդարութիւնն ու իրաւունքը։ Որպէս թրքախօս երկիրներ՝ մեր միջեւ համագործակցութիւնով ու զօրակցութիւնով պիտի նպաստենք միջազգային համակարգի աւելի արդար ձեւով բանելուն», ըսաւ Էրտողան։

Գագաթաժողովի ընթացքին նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն թրքախօս աշխարհի աշխարհատնտեսական կարեւորութիւնը բարձրացած է։ Առեւտուրի ծաւալը բարձրացնելու եւ ներուժը աւելի լաւ օգտագործելու համար անհրաժեշտ են նոր նախաձեռնութիւններ։ Այս առումով, Թուրքիա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Կովկասն ու Միջին Ասիան անդրանցնելով, դէպի Չինաստան հասնող Արեւելք-Արեւմուտք միջին նրբանցքի նախաձեռնութեան։ «Արդի Մետաքսի ճանապարհ» անունով ծանօթ այս միջանցքի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մին է Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։ «Այս կարեւոր հաղորդակցութեան ուղղութիւնը պիտի նպաստէ՝ որպէսզի մեր ժողովուրդներու բարեկեցութեան մակարդակը բարձրանայ եւ մեր յարաբերութիւնները  զարգանան», ըսաւ Էրտողան։

Խօսելով ուժանիւթի բնագաւառի մասին՝ նախագահը մատնանշեց, որ այս ոլորտէն ներս ալ համագործակցութեան ամրապնդման նկատմամբ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն։ Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան նաւթամուղն ու Պաքու-Թիֆլիզ-Էրզրում կազամուղը համագործակցութեան կարեւորագոյն պտուղները կը համարուին։ TANAP խողովակաշարի օգտագործումն ալ պիտի սկսի յառաջիկայ յունիսին։ Գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց՝ Կասպից ծովու կարգավիճակի յստակեցման վերաբերեալ վերջերս ստորագրուած համաձայնագրին բերումով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018