ԼԻԱՐԺԷՔ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Հայաստանի իրենց աշխատանքը աւարտելէ վերջ ուղեւորուեցան Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ դեսպանահաւաքի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը այցելեց նաեւ պատմական Դադիվանք։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Բակօ Սահակեան եւ դեսպանահաւաքի մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկաւ միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ժողովուրդի լիարժէք ներգրաւման հարցը։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Մասիս Մայիլեան Ստեփանակերտի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Մնացականեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, անոր խաղաղ կարգաւորումը, Արցախի հարցը առաջին հերթին մարդու հարց է։ «Սա առաջին հերթին մեր հայրենակիցներու գոյութեան, ֆիզիքական անվտանգութեան հարցն է։ Սա գերակայ, կարեւորագոյն խնդիր է բոլորիս համար. համազգային հարց է։ Եւ այդ մէկէն կը բխի կարգավիճակի հարցը։ Այս երկուքը միասին կը ձեւաւորեն մեր կարեւոր գերակայութիւնները։ Մենք կ՚իրականացնենք քաղաքականութիւն խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս։ Կը փափաքիմ կրկնել, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի։ Մենք այս կէտին վրայ կը պնդենք հիմնուելով առաջին հերթին այն ինքնավստահութեան վրայ, թէ Արցախը եւ Հայաստանը ունին բաւարար կարողութիւն խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելու համար, խաղաղութեան շուրջ աշխատելու համար, բաւարար կարողութիւն՝ պաշտպանուելու եւ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելու», ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019