ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ

Սուրիոյ երկարամեայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ գաղթականներու վերաբերեալ ողբերգութիւնը միշտ կը մնայ հրատապ խնդիր։ Վերջին շրջանին երկրի կառավարական ուժերը սաստիկ գործողութիւններ կ՚իրականացնեն Իտլիպ քաղաքին վրայ։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ գաղթականաց իրաւունքներու պաշտպանութեան հետամուտ միջազգային կազմակերպութիւններն ալ սկսած են արձագանգել Իտլիպի գործողութիւններով պայմանաւորուած վիճակին։

Refugees International կազմակերպութիւնը, որու կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, հրապարակեց տեղեկագիր մը, ըստ որու Իտլիպի վրայ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով կէս միլիոն մարդ պարտաւորուած է լքել իր բնակավայրը։ Իտլիպի քաղաքային բնակչութեան երկու երրորդը ցայսօր մարդասիրական օժանդակութիւններով կը շարունակէ իր կեանքը, իսկ ներկայ կացութիւնը մարդկային առումով մղձաւանջ մը կը համարուի։ Սա Սուրիոյ ներքին պատերազմի սկը-սած շրջանէն ի վեր յառաջացած՝ գաղթականաց մեծագոյն ալիքին ծնունդ տուած է։ Տեղեկագրին մէջ կ՚ենթադրուի, որ տասնեակ հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ ապաստանման պահանջ կրնան ներկայացնել Թուրքիոյ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019