ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մինչ BREXIT-ի գործընթացին մէջ ժամացոյցը կը բանի եւ բոլորի ուշադրութիւնը այժմէն կեդրոնացած է յառաջիկայ հոկտեմբերի հաւանական իրադարձութիւններուն վրայ, Անգլիոյ մէջ արդէն ներքին քաղաքական տագնապի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Վարչապետ Պորիս Ճանսըն երէկուան դրութեամբ Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս արդէն կորսնցուցած է մեծամասնութիւնը։ Իր իշխանութիւնը հիմնուած էր շատ փխրուն հաւասարակշռութիւններու վը-րայ, որովհետեւ միայն մէկ քուէի տարբերութեամբ կ՚ապահովէր մեծամասնութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, BREXIT-ի հարցին շուրջ Պորիս Ճանսընի յառաջ տարած բաւական ծայրայեղ քաղաքականութիւնը արդէն նոր իրավիճակ մը ստեղծած է Լոնտոնի մէջ։ Պորիս Ճանսըն ակնյայտօրէն կողմնակից է BREXIT-ը կեանքի կոչելու առանց Եւրոմիութեան հետ համաձայնութեան հասնելու։ Այս վարկածը Անգլիոյ քաղաքական գործիչներու շրջանակներէն ներս այդքան ալ ընդունելի ըլլալ չի թուիր։ Նոյնիսկ BREXIT-ի կողմնակիցներ կը ձգտին, որ ԵՄ-ի հետ համաձայնութեան մը հիման վրայ առնուի այդ քայլը։ Իսկ Պորիս Ճանսընի արմատականութեան հիմնական դրսեւորումներէն մին եղաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի հաւանութեամբ խորհրդարանը արձակուրդի մտցնելը։ Ան այս քայլը առաւ, որպէսզի առանց համաձայնութեան BREXIT-ի երթալու ճանապարհին խոչընդոտներ չունենայ։ Յամենայնդէպս, ամրան արձակուրդի աւարտին Անգլիոյ խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը։ Ճանսընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութեան շարքերէն երեսփոխան մը անցաւ եւրոպամէտ Լիպերալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան շարքերուն։ Ֆիլիփ Լի անուն երեսփոխանի այս քայլով Ճանսըն կորսնցուց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը։ Առանց համաձայնութեան BREXIT-ի դէմ երեսփոխանները կասեցնելու համար Ճանսըն յառաջ կը քշէ կանխահաս ընտրութեան քարտը։ Յամենայնդէպս, վերջնականօրէն կարելի չէ կանխատեսել, որ իրադարձութիւնները ինչպէս պիտի ընթանան։ Արդարեւ, Ճանսըն երէկ Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան շարքերէն դուրս թողուց այն 21 ընդդիմադիրները, որոնք ընդդիմութեան հետ կը վարուին BREXIT-ի հարցով։

Պորիս Ճանսընի՝ խորհրդարանը արձակուրդի ուղարկելու կարգադրութիւնը ընկալուած է որպէս «պետական հարուած»։ Այս իրավիճակին մէջ, ընդդիմադիր Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպին յայտնեց, որ միայն առանց համաձայնութեան BREXIT-ը վերջնականօրէն կանխելու պարագային հաւանութիւն պիտի տան վաղահաս ընտրութեան մը։ Հարկ է նշել, որ ըստ Անգլիոյ օրէնսդրութեան, վաղահաս ընտրութեան մը որոշումը կրնայ առնուիլ խորհրդարանի երկու երրորդ մեծամասնութեան ձայներով։ Այսինքն, Ճանսըն վաղահաս ընտրութեան ձեռնարկելու համար պարտաւոր է ընդդիմութեան հետ համաձայնելու։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւանական վաղահաս ընտրութեան մը համար կը նախատեսուի հոկտեմբերի 15-ը։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այսօր կը նախատեսեն Երեսփոխանական ժողովէն անցընել օրէնքի նախագիծ մը, որով պիտի բացառուի առանց համաձայնութեան BREXIT-ի վարկածը։ Եթէ նախագիծը այսօր ընդունուի, ապա ընդդիմադիր ուժերը պիտի ջանան վաղը Լորտերու պալատին հաւանութիւնը ապահովել փութով եւ այսպէսով համապատասխան օրէնքը շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ ուրբաթ։ Այդ հաւանական օրէնքը այնպիսի բովանդակութիւն մը պիտի ունենայ, որ եթէ ԵՄ-ի հետ համաձայնութեան մը հասնիլ հնարաւոր չըլլայ, ապա Անգլիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր պիտի ըլլայ ԵՄ-էն պահանջել BREXIT-ի յետաձգումը։ Այս բոլորին համար շատ կարճ ժամանակ մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ խորհրդարանը 9 սեպտեմբերին պիտի մտնէ արձակուրդի։ Օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ այլ վարկած մը, ըստ որու խորհրդարանը կրնայ անվստահութիւն յայտնել կառավարութեան դէմ։ Մեկնաբաններու կարծիքով՝ սա ամենահաւանական վարկածներու շարքին չի թուարկուիր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019