ՍԱՄԱՍՏ ԲԱՆՏԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿԱԾ Է ԿԱԼԱՆԱՎԱՅՐԻ ՄԷՋ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած եւ զայն նահատակած ոճրագործ Օկիւն Սամաստ կալանավայրին մէջ ալ վերջին շրջանին իրականացուցած է բռնութիւններ։ Վերջին օրերուն տեղական մամուլը կ՚անդրադառնայ Օկիւն Սամաստի վերաբերեալ զանազան իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, ան շուրջ 13 տարի բանտարկուած մնալէ վերջ պիտի կարողանար ազատութեան մէջ յայտնուիլ՝ այժմու օրէնսդրութեան տրամադրութիւններով։ Բայց եւ այնպէս, բանտէ ներս կարգապահական յանցագործութիւններ կատարած ըլլալով ան ներկայիս զրկուած է այդ հնարաւորութենէն ու պիտի շարունակէ մնալ բանտարկուած։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Օկիւն Սամաստ յարձակած է իր խուցը մուտք գործած բանտապահներուն վրայ։ Ան սպառնացած է բոլորին եւ բանտապահներէ մէկուն կոկորդին դաշիւն երկարած է։

Ականատես բանտապահներու վկայութիւններն ալ տեղ գտած են թերթին մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020