ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՅԱՄԱՌ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Ֆիտանը ընդունելու ժամանակ Ռայիսի յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է հակազդել Կովկասէ ներս օտար տէրութիւններու ներկայութեան դէմ։ Ան ընդգծեց տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ առկայ հարցերու երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցաւ լուծման անհրաժեշտութիւնը։

Ֆիտանի եւ Ապտուլլահիանի համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան Հարաւային Կովկասի հարցերը։ Ապտուլլահիան յայտնեց, որ լաւ պայմանաւորուածութիւններու հասած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Թեհրան կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւններուն։ «Ժամանակը եկած է լարուածութեան եւ հակամարտութիւններու շրջանը թողելու եւ ընթանալու՝ դէպի Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու համագործակցութեան շրջանը։ Լաւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մենք կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններուն եւ երկխօսութեան ու երբեք չենք ընդունիր տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները եւ տարածաշրջանի պատմական տարանցիկ ուղիներու սահմանափակումը», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի Ռայիսիի պաշտօնական այցելութիւնը Թուրքիա։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2023