«ԹԻՒՐՔՈԼՈԿԵՆԹԱԿ 2016»

Համ­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­սիա-Ափ­րի­կէի կա­ճա­ռէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Թրքա­կան եւ օս­մա­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու երկ­րորդ հա­մաեւ­րո­պա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ «Թիւր­քո­լո­կեն­թակ 2016» կո­չուած այս գի­տա­կան հա­ւա­քոյ­թը 14-17 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Գեր­մա­նիոյ մէջ հա­մախմ­բեց այս ո­լոր­տի բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րը։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին մէջ էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Տքթ. Քա­թե­րի­նա Տուֆֆթ (Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­մուրջ), Փրոֆ. Քրիս­տոֆ Հեր­ցոկ (Պամ­պեր­կի հա­մալ­սա­րան), Փրոֆ. Եա­վուզ Քէօ­սէ (Համ­պուր­կի հա­մալ­սա­րան), Փրոֆ. Եանս Փե­թեր Լաութ (Կէօ­թին­կէ­նի հա­մալսա­րան), Փրոֆ. Ռաուլ Մո­թի­քա (Orient կա­ճառ-Իս­թան­պուլ), Տքթ. Պար­պա­րա Փուշ (Orient կա­ճառ-Իս­թան­պուլ) եւ Փրոֆ. Է­լի­զա­պեթ­թա Ռո­կա­նիա (Պեր­լի­նի Ա­զատ հա­մալ­սա­րան)։­

Այս հե­ղինա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կերպուած գի­տա­ժո­ղո­վը ա­ռըն­չուե­ցաւ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու հետ. ինչ­պէս՝ լե­զուա­գի­տու­թիւն, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա-Սի­պի­րիա ա­ռանց­քով ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, Օս­մա­նեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, գրա­կա­նու­թիւն, մշա­կու­թա­բա­նու­թիւն, ար­դի Թուր­քիա, հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­ներ ու գաղթ, մար­դա­բա­նու­թիւն, կրթու­թիւն, կրօն, ե­րաժշ­տա­բա­նու­թիւն եւ այլն։ Հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Փրոֆ. Սիւ­րէյ­յա Ֆա­րու­քի։

«Թիւր­քո­լո­կեն­թակ 2016»ի ծրա­գի­րը ճո­խա­ցուած էր յա­րա­կից ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քով մը։ Այս ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­ցան «Օս­մա­նա­կան ձե­ռագ­րեր՝ Համ­պուր­կի հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ գեր­մա­նա­կան հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը։ 1900-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր Համ­պուր­կի մէջ ձե­ւա­ւո­րուած է ա­ւան­դու­թիւն մը, ո­րով այս քա­ղա­քէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կամ ընդ­հան­րա­պէս Ա­րե­ւել­քի հետ ա­ռըն­չա­կից հա­մա­ժո­ղով­նե­րուն կը զու­գոր­դուին ցու­ցա­հան­դէս­ներ՝ տեղ­ւոյն ձե­ռագ­րե­րու ներ­կա­յաց­մամբ։ Այս հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սի ալ­պո­մը պատ­րաս­տուած էր անգ­լե­րէ­նով ու գեր­մա­նե­րե­նով։ Ան կը բո­վան­դա­կէր նաեւ՝ օս­մա­նա­հա­յոց ձե­ռագ­րե­րու ա­ւան­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ գի­տա­կան յօ­դուած մը, ո­րու հե­ղի­նակն էր Փրոֆ. Տիգ­րան Գու­յում­ճեան։ Համ­պուր­կի զա­նա­զան թան­գա­րան­նե­րու եւ գրա­դա­րան­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րու՝ Օս­մա­նեան շրջա­նի ձե­ռագ­րե­րէն ան­դին, այդ ալ­պո­մին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը լոյս կը սփռէր նաեւ կայս­րու­թեան զա­նա­զան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ձե­ռագ­րա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով նախա­տե­սուած ա­մե­նա­հե­տա-քըրք­րա­կան գի­տա­կան նիս­տե­րէն մին էր՝ Փա­րի­զի CNRS-ի (Ֆրան­սա­յի Գիտական ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կեդ­րոն) եւ CETOBAC-ի (Թրքա­կան, օս­մա­նա­կան, պալ­քա­նա­կան եւ կեդ­րո­նա­կա­նա­սիա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց կեդ­րոն, են­թա­կայ՝ Փա­րի­զի Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նի) հե­տա­զօ­տող­նե­րէն Տքթ. Մարք Այմ­սի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուա­ծը։ «Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւուն­քի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը» խո­րագ­րեալ այս նիս­տը վա­րեց Վեր­մոն­տի հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Պո­ղաչ Էր­կե­նէ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ պատ­մա­բաններ Տքթ. Այ­լին Գօ­չու­նեան (Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րան), Տքթ. Էր­տալ Քայ­նար (Ե­րու­սա­ղէ­մի Van Leer կա­ճառ), Փոխ-տո­ցենթ Նո­յե­մի Լե­ւի-Աք­սու («Պո­ղա­զի­չի» համալ­սա­րան) եւ նոյ­նինքն Մարք Այմս։

Գի­տա­կան նիս­տի սկիզ­բին Մարք Այմս ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ա­տե­նա­խօս­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք զե­կու­ցում­նե­րուն շուրջ։ Ա­ւե­լի վերջ ան յայտ­նեց, որ 19-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր սահ­մա­նադ­րա­կան ե­ղա­փո­խու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն մը։ Այդ շրջա­նին զու­գա­հեռ ըն­թացք մը ու­նե­ցած էին՝ օ­րի­նա­կա­նա­ցումն ու բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը։ Ըստ ի­րեն, զե­կու­ցող­նե­րը ցարդ սա­կաւ ու­սում­նա­սի­րուած աղ-­բիւր­նե­րու հիմ­քով լոյս սփռած էին հա­մաշ­խար­հա­յին ու տե­ղա­կան տար­րե­րու բարդ փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ օ­րէնք շի­նե­լու հաս­կա­ցու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լով որ­պէս՝ հա­սա­րա­կա­կան ու գի­տե­լի­քի փի­լի­սո­փա­յու­թեան գոր­ծըն­թաց­նե­րու հա­մադ­րու­թիւ­նը։

Այ­լին Գօ­չու­նեան Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րէն ներս կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ներ­կա­յա­ցուց բաղ­դա­տու­թիւն մը՝ Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա­յի եւ միւս սահ­մա­նադ­րա­կան նա­խագ­ծե­րուն մի­ջեւ։ Հարկ է նշել, որ 1876-ին Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա դեր խա­ղա­ցած էր սուլ­թան Ապ­տիւ­լա­զի­զի գա­հըն­կէ­ցու­թեան մէջ։ Ըստ զե­կու­ցո­ղին, այդ նա­խագ­ծե­րը հիմք հան­դի­սա­ցած էին Օս­մա­նեան ա­ռա­ջին սահ­մա­նադ­րու­թեան՝ «Քա­նու­նը է­սա­սի»ին հա­մար։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այդ նա­խագ­ծե­րը կը հա­մա­րուին ա­տե­նագ­րու­թիւ­նը՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ստեղ­ծուած սահ­մա­նադ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։ Ա­նոնք փոր­ձած են բիւ­րե­ղաց­նել, թէ այդ շրջա­նի դե­րա­կա­տար­նե­րուն կող­մէ ինչ­պէ՛ս են­թադ­րուած են պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նան, նաեւ ար­քու­նի­քը, Իս­լա­մը, շե­րիա­թը եւ այլ նման ազ­դակ­նե­րը։ Բաց աս­տի, այդ նա­խագ­ծե­րով փորձ կա­տա­րուած է յստա­կեց­նել պե­տա­կան նուի­րա­պե­տու­թե­նէ ներս կշի­ռը՝ սուլ­թա­նի, ծե­րա­կոյ­տի, խորհր­դա­րա­նի, նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նման տար­րե­րուն։

Այ­լին Գօ­չու­նեան նշեց, որ 45 յօ­դուած­նե­րէ կը բաղ­կա­նար Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա­յի նա­խա­գի­ծը, որ միւս­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ կը բո­վան­դա­կէր շատ ա­ւե­լի քիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն։ Այդ նա­խա­գի­ծը ու­նէր նաեւ շարք մը ստո­րո­գե­լի­ներ։ Ա­մե­նա­հե­տա-քըրք­րա­կանն էր՝ օս­ման­ցի­նե­րու խորհր­դա­րա­նէ ներս ներ­կա­յաց­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած դրու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, այդ նա­խագ­ծի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին կը վե­րա­բե­րէր խորհր­դա­րա­նէ ներս ոչ-իս­լամ­նե­րու ներ­կա­յաց­ման ձե­ւին։ Այդ շրջա­նի ընտ­րա­կան օ­րէն­քը ընդ­հա­նուր քո­թա մը սահ­մա­նած էր՝ ոչ-իս­լամ­նե­րու խորհր­դա­րա­նէ ներս ներ­կա­յաց­ման հա­մար։ Մինչ­դեռ, Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա­յի նա­խա­գի­ծը ոչ-իս­լամ բնակ­չու­թեան մէջ զա­նա­զան կրօ­նի եւ նոյն կրօ­նի զա­նա­զան դա­ւա­նանք­նե­րուն եւ ա­նոնց հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րուն հա­մար ա­ռան­ցին քո­թա­ներ նա­խա­տե­սած էր։ Այ­սինքն, իր բա­նա­ձե­ւը ոչ-իս­լամ­նե­րու խորհր­դա­րա­նէ ներս ներ­կա­յաց­ման պա­րա­գա­յին նա­խա­տե­սուած դրու­թեան ա­ռու­մով տար­բե­րած էր միւս­նե­րէն։ Օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նը կը բաղ­կա­նար 150 ե­րես­փո­խա­նէ, ո­րու 30-ը զի­նուոր էր։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա 35 պատ­գա­մա­ւոր նա­խա­տե­սած էր ոչ-իս­լամ­նե­րուն հա­մար։ Օ­րի­նակ՝ որ­պէս օս­մա­նա­հա­յոց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նի մէջ պի­տի ու­նե­նար չորս ան­դամ, Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը՝ եր­կու, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թիւ­նը՝ մէկ եւ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը՝ ե­րեք։ Բո­ղո­քա­կաններուն հա­մար ալ նա­խա­տե­սուած էր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, սա­կայն բա­նա­ձե­ւին մէջ չէր յստա­կե­ցուած անոր ազգութիւնը։ Այ­լին Գօ­չու­նեան բա­ցատ­րեց, որ այս նա­խագ­ծին բո­վան­դա­կած՝ զի­նուո­րա­կան վար­չա­ձե­ւին վե­րա­բե­րեալ յօ­դուած­նե­րը կրնան անդ­րա­դարձ մը ու­նե­ցած ըլ­լալ ա­ւե­լի վերջ պատ­րաս­տուած բա­նա­ձե­ւե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, Սիւ­լէյ­ման Հիւս­նիւ փա­շա ծրագ­րած էր զի­նուո­րա­կան­նե­րու դիր­քը ամ­րապն­դել պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յէն ներս։ Միւս սահ­մա­նադ­րա­կան նա­խագ­ծի տար­բե­րակ­ներն ալ նա­խա­տե­սած էին՝ զա­նոնք հե­ղի­նա­կած դե­րա­կա­տար­նե­րուն կող­մէ խորհր­դան­շուած իշ­խա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դել պե­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ։

Էր­տալ Քայ­նար անդ­րա­դար­ձաւ սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան դպրոց­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն։ Ա­տե­նա­խօ­սը բա­ցատ­րեց, որ այդ բո­լո­րը ինչ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած են Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ներս պե­տու­թիւն-հա­սա­րա­կու­թիւն յա­րա­բե­րու­թեան փո­փո­խու­թեան վրա­յ։ Էր­տալ Քայ­նար բա­ցատ­րեց, որ կայս­րու­թե­նէն ներս բա­րե­փո­խում­նե­րուն նպա­տա­կը ե­ղած է հա­սա­րա­կու­թեան ե­ղա­փո­խու­թեան ա­պա­հո­վուի­լը։ «Հա­սա­րա­կու­թիւն» հաս­կա­ցու­թեան գիւ­տով ար­տադ­րուած են նաեւ քա­ղա­քա­կան նոր ազ­դակ­ներ եւ նոյն­պէս նոր քա­ղա­քա­կան եզ­րա­բա­նու­թիւն մը։ Թան­զի­մա­թի շրջա­նի բա­նա­լի բա­ռը ե­ղած չէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Նոր քա­ղա­քա­կան լե­զուն ալ ակ­նար­կած է ա­նոր։ Ա­տե­նա­խօ­սը բա­ցատ­րեց, թէ այս բո­լո­րը նկա­տե­լի են նաեւ քա­ղա­քա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան գոր­ծե­րուն մէջ։ Այդ նոր հաս­կա­ցու­թիւ­նը կը բա­ցատ­րուէր ե­րեք հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րու շուրջ։ Ա­ռա­ջին ի­մաս­տով հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը խորհր­դանշէր միա­ցեալ ամ­բողջ մը՝ ա­ռանց կրօ­նի, դա­սա­կար­գի եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան։ Տնտե­սա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ յայտ­նուած հա­սա­րա­կու­թեան հաս­կա­ցու­թեան պա­րա­գա­յին ակ­նար­կու­թիւ­նը կ՚եր­թար հա­սա­րա­կու­թեան տնտե­սա­կան նե­րու­ժին, ար­տադ­րու­թիւ­նով եւ ա­ռեւ­տու­րով հան­դերձ։ Եր­րորդ ա­ռանց­քով՝ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը խորհր­դան­շէր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ կը սահ­մա­նէր կա­նոն­ներ եւ օ­րա­կար­գի վրայ կու գար պե­տու­թեան նկատ­մամբ ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ եւ ան­կէ բղած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով։

Նո­յե­մի Լե­ւի-Աք­սու խօ­սե­ցաւ 1876 թուա­կա­նի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած դա­տա­կան դրու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ պե­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան կրած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ «էօր­ֆի-örfi» վար­չա­կան դրու­թեան վե­րա­բե­րեալ հան­գա­մանք­նե­րու վրայ։ Այս­պէս, սա կը նշա­նա­կէր յե­ղա­փո­խու­թեան կամ յե­ղա­փո­խու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մը պա­րա­գա­յին ի­րա­ւա­կան բնա­կա­նոն կար­գե­րուն ժա­մա­նա­կա­ւոր ձե­ւով, տե­ղա­կան մա­կար­դա­կով առ­կա­խու­մը։ Ուշ օս­մա­նեան շրջա­նին այդ մէ­կը հիմք ծա­ռա­յած էր՝ ի­րա­ւա­կան բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Ըստ ա­տե­նա­խօ­սին, զի­նուո­րա­կան ա­տեան­նե­րը կը զբա­ղէին պե­տու­թեան անվտան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ պատ­ժա­կան գոր­ծե­րով, սա­կայն պե­տա­կան անվ­տան­գու­թեան հաս­կա­ցու­թիւ­նը շատ պղտոր էր։ «Էօր­ֆի» դրու­թիւնն ալ այդ շրջա­նին եր­բեմն դուրս կու գար իր սահ­ման­նե­րէն։ Նո­յե­մի Լե­ւի-Աք­սու յի­շե­ցուց, որ զի­նուո­րա­կան ա­տեան­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ գոր­ծած էին 1877 թուա­կա­նի թուրք-ռու­սա­կան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին։ 1876 թուա­կա­նի սահ­մա­նադ­րու­թիւնը առ­կա­խուած էր եւ «էօր­ֆի» դրու­թիւ­նը զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ներս գոր­ծած էր իբ­րեւ այ­լընտ­րան­քա­յին ի­րա­ւա­կան կարգ։ Սահ­մա­նուած պա­տիժ­նե­րը կրնա­յին նե­րուիլ միայն սուլ­թա­նին կող­մէ։

Այս ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն վերջ Մարք Այմս ամ­փո­փեց նիս­տը։ Այս փու­լին ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց կա­լուա­ծա­թուղ­թե­րու կամ պար­տա­մուր­հակ­նե­րու նման պաշ­տօ­նա­կան թուղ­թե­րու պա­րա­գա­յին կա­-տարուած կեղ­ծիք­նե­րուն եւ այդ բո­լո­րի կան­խար­գիլ­ման նպա­տա­կով առ­նուած քայ­լե­րուն վրայ։ Այս նիւ­թին շուրջ ան օ­րի­նակ մէջ­բե­րեց Ե­շիլ­գիւ­ղի մէջ պար­տէ­զի տա­րածք մը, ո­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը 1891 թուա­կա­նին ան­ցած էր Յա­կոբ է­ֆէն­տի Թըն­կը­րօղ­լուին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016