ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԵՒՍ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ

Ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տէն ներս կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տը գլխա­ւո­րեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խագահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, ո­րու կող­քին էր նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ եւս ե­րեք ա­մի­սով եր­կա­րաձ­գել՝ երկ­րէն ներս հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թեան կի­րա­ռու­մը։

Նիս­տէն վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ։ Զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ ան տե­ղե­կա­ցուց, որ ե­րեք ամ­սուան ժամ­կէ­տով եր­կա­րաձգուած է ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Փոխ-վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ 15 Յու­լի­սին Թուր­քիա դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է պե­տա­կան հա­րուա­ծի մեծ փոր­ձով մը։ Իր խօս­քե­րով, կա­ռա­վա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը յստակ է զայն ի­րա­գոր­ծած ՖԵ­ԹԷՕ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­րա­գա­յին։

Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ «Եփ­րա­տի վա­հան» ազ­դու գոր­ծո­ղու­թեան, որ յա­ռաջ կը տա­րուի Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ։ Այս գոր­ծո­ղու­թեան նպա­տակն է պաշտ­պա­նել Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րը զերծ պա­հել ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու սպառ­նա­լիք­նե­րէն։ Նպա­տակ­նե­րէն մին է նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան մի­ջանց­քի­ մը ձե­ւա­ւոր­ման կան­խու­մը։ Քուր­թուլ­մու­շի խօս­քե­րով, գոր­ծո­ղութիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին վճռա­կա­մու­թեամբ՝ որ­պէս­զի ե­րաշ­խա­ւո­րուի շրջա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ան խօ­սե­ցաւ Մու­սու­լի եւ Ռաք­քա­յի ա­զա­տագր­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած հա­ւա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ե­թէ այդ­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ սկսին, ա­պա դաշ­տի վրայ պէտք է ըլ­լան նաեւ տե­ղա­կան տար­րե­րը։ Թրքա­կան կող­մի հա­մոզ­մամբ, բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի է, որ այդ քա­ղաք­նե­րը լքուին այլ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութիւն­նե­րու։ Հե­տե­ւա­բար, Քուր­թուլ­մու­շի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, Ան­գա­րա ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ նաեւ ՓԵՏ-ի հիմ­նա­կան տար­րե­րու շար­քին դա­սուի­լը՝ հա­ւա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Միւս կող­մէ, գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ-ն քննա­դա­տեց ար­տա­կարգ դրու­թեան եր­կա­րաձ­գուի­լը։ Իր կար­գին, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբա­կի փոխ-նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Է­լի­թաշն ալ յայտ­նեց, որ կը պատ­րաս­տուին Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել ա­ռա­ջարկ մը՝ որ­պէս­զի օ­րէն­քի հա­մա­զօր ո­րո­շմ­նագ­րե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­ռար­կու­թիւն­նե­րը ար­ժե­ւո­րուի­ն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016