ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ԵՐԷԿ ԱՐԴԷՆ ՅՍՏԱԿԵՑԱՒ
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան նշանակումներով գրեթէ եզրափակուեցաւ։ Երէկուան կարգադրութիւնները ոչ միայն յստակեցուցին նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան շարք մը առանցքային դէմքերը, այլ նաեւ վերաձեւաւորեցին բանակի վերնախաւը եւ ռազմավարական նշանակութեամբ պետական կառոյցներու գլխաւոր դէմքերը։
Նախագահ Սարգսեանի կողմէ կատարուած կարգադրութիւններուն հիման վրայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար նշանակուեցաւ Վիգէն Սարգսեան։ Այս վերջինը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Սէյրան Օհանեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուէր այդ նախարարութեան գլուխը։ Վիգէն Սարգսեանն ալ երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէր նախագահական աշխատակազմը։ Եւ հիմա ի շարունակութիւն այդ պատասխանատու գործին արդէն ստանձնած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը։
Սերժ Սարգսեան պաշտպանութեան նախարարին առընթեր փոխեց նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը՝ այդ պաշտօնին կոչելով Մովսէս Յակոբեանը։ Այս վերջինը, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարն էր, հիմա զօրավար Եուրի Խաչատուրովին կը յաջորդէ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնին մէջ։ Վերջին շրջանին Մովսէս Յակոբեանի պատասխանատուութիւնը արդէն բարձրացած էր Արցախէն դէպի Երեւան տեղափոխուելուն զուգահեռ՝ ան կը վարէր պաշտպանութեան փոխ-նախարարի պաշտօնը՝ գլխաւորելով նաեւ նախարարութեան նիւթաթեքնիկ ապահովման բաժանմունքը։
Սերժ Սարգսեան երէկ Պաշտպանութեան նախարարութիւն այցելելով ներկայացուց նորանշանակ նախարար Վիգէն Սարգսեանն ու ընդհանուր սպայակոյտի նորանշանակ նախարար զօրավար Մովսէս Յակոբեանը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան կարգադրութիւններով, Վիգէն Սարգսեանի փոխարէն նախագահական աշխատակազմի ղեկավար նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան, որ վերջին շրջանին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն էր։ Հայաստանի պետական համակարգէն ներս երկար տարիներէ ի վեր պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած Արմէն Գէորգեանին նախագահի աշխատակազմի ղեկավար նշանակուելուն զուգահեռ՝ թափուր մնաց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։ Սերժ Սարգսեան այդ առաքելութիւնն ալ վստահեցաւ՝ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնէն ազատուած Եուրի Խաչատուրովին։ Նախագահական ապարանքէն ներս, Սերժ Սարգսեան երէկ արդէն բարձրագոյն պաշտօնէութեան ներկայացուց աշխատակազմի նորանշանակ ղեկավարը։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեանի երէկուան մէկ այլ հրամանագրով Եդուարդ Նալպանտեան վերանշա նակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար։
Այս փոփոխութիւններու շարքին ամենաուշագրաւը կը համարուի Սէյրան Օհանեանի կառավարութեան կազմէն դուրս մնալը։ Միջոց մը առաջ Հայաստանի լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ ան կրնայ դառնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար, սակայն Օհանեան նշած էր, թէ եթէ նոյնիսկ նման առաջարկ մը ներկայացուի իրեն՝ պիտի մերժէ։ Այժմ, ուրեմն, լրատուամիջոցները կը նախատեսեն՝ որ Սէյրան Օհանեան յառաջիկայ շրջանին ներգրաւուի քաղաքական գործունէութեան մէջ։