Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՃԱԲՈՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻՆ
Ճաբոնէն յայտնի գիտնական Եոշինորի Օհսումի նուաճեց 2016 թուականի Նոպէլեան բժշկութեան մրցանակը։ 71-ամեայ գիտնականը նպաստած է՝ որպէսզի քաղցկեղի եւ փարքինսոնի նման հիւանդութիւնները ըմբռնուին աւելի լաւ։ Օթոֆաժիի վրայ մասնագիտացած գիտնականը մրցանակի արժանի դասուած է՝ բջիջներու զիրար ուտելու վերաբերեալ աշխատանքով։
Ըստ Սթոքհոլմէ հասած լուրերուն, մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 10-ին։ Օհսումի պիտի ստանայ նաեւ դրամական պարգեւ՝ 8 միլիոն շուէտական քրոն արժողութեամբ։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016