ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ԿՈՂՈՊՏՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան նա­խըն­թաց գի­շեր յար­ձակ­ման ու կո­ղո­պու­տի են­թար­կուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ուր կը գտնուէր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նո­րա­ձե­ւու­թեան շաբթուան։ Կէս գի­շե­րը անց, ոս­տի­կա­նա­կան տա­րա­զով անձ մը յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել Քիմ Քար­տա­շեա­նի ի­ջե­ւա­նած բնա­կա­րա­նը՝ չէզո­քաց­նե­լով պա­հա­կը։ Յան­ցա­գոր­ծը, որ ու­նէր ատր­ճա­նակ մը, Քար­տա­շեա­նին սպառ­նա­լով գող­ցաւ ա­նոր թան­կար­ժէք զար­դե­րը, ո­րոնց ար­ժէ­քը կը գնա­հա­տուի շուրջ 10 մի­լիոն եւ­րօ։ Քար­տա­շեան ա­ռանց ֆի­զի­քա­կան վնա­սի փրկուե­ցաւ դէպ­քէն, սա­կայն իր բան­բե­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ ան ցնցուած է խո­րա­պէս։ Նոյն ժա­մե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ հա­մերգ մը կու տար իր ա­մու­սի­նը՝ Քայ­նէ Ո­ւեստ, որ տե­ղե­կա­նա­լով դէպ­քը՝ ընդ­հա­տեց իր ե­լոյ­թը։

Ոս­տի­կա­նու­թեան անհ­րա­ժեշտ ցուց­մունք­նե­րը տա­լէ վերջ՝ Քիմ Քար­տա­շեան հրա­ժեշտ ա­ռաւ Փա­րի­զէ­ն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016