ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հաան նախընթաց օր Երեւան այցելեց՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Բացի Նալպանտեանին հետ բանակցութիւններ վարելէ եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքելէ, եւրոպացի յանձնակատարը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Յառաջիկայ 24 Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը։ Եոհաննէս Հաանի Երեւան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ սոյն գագաթաժողովի նախօրեակին։ Ան Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ քննարկեց Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի առաջնահերթութիւններն ու ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու խորացման հարցերը։ Այդ բոլորը արտացոլուած են ԵՄ-Հայաստան նոր ընդլայնուած ու համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագրին մէջ, նաեւ Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ, որոնք ալ պիտի սահմանեն յառաջիկայ տարիներու համատեղ քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։ Յանձնակատարի խօսքերով՝ ներկայ տարին շատ կարեւոր է ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ, որովհետեւ կ՚ընդլայնուի ու կը խորանայ համագործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ։ Եւրոպական կողմը պատրաստ է Հայաստանի հետ նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու։ Թիրախաւորուած արդիւնքներուն նպատակն է շօշափելի օգուտներ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առօրեային համար։ Եոհաննէս Հաան Երեւանի մէջ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ երիտասարդ ուսանողներու հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան յետագայ ոլորտները, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած պիտի ըլլան ի շարս այլ նիւթերու՝ նորարարութեան եւ հմտութիւններու զարգացման։

Սերժ Սարգսեան եւ Եոհաննէս Հաան զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Անոնք գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը կը զարգանայ արդիւնաւէտօրէն եւ աշխուժութեամբ։ Պրիւսքելի մօտալուտ գագաթաժողովի սեմին՝ անոնք քննարկեցին կողմերու համագործակցութեան օրակարգը, նախանշեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ յետագայ քայլերը, անդրադարձան նոր փաստաթուղթի ստորագրման նախապատրաստման փուլի աշխատանքներուն։

Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եոհաննէս Հաան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան իսկ շահերէն կը բխի Հարաւային Կովկասէ ներս ունենալ ուժեղ, բարեկեցիկ եւ կայուն Հայաստան, որ կը նպաստէ հարեւանութեան յետագայ կայունացման։ Կողմերու միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագիրը պիտի նպաստէ համագործակցութեան խորացման։ «Մենք շատ շահագրգռուած ենք՝ տեսնելու, թէ ինչպէս այս համաձայնագիրը ի կատար պիտի ածուի։ Այս բեկումնային, նոր համաձայնագիրը պիտի օգնէ ցոյց տալու, որ Հայաստան Եւրոասիական  համարկման գործակից ըլլալով, միեւնոյն ժամանակ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործունէութիւն կը հաստատէ Եւրոմիութեան հետ։ Սա է համաձայնագրի հիմքին գտնուող գաղափարը», ըսաւ Հաան։ Բաց աստի, յանձնակատարը յիշեցուց, որ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս սա առաջին համաձայնագիրն է իր բնոյթով, որովհետեւ Հայաստան Արեւելեան գործընկերութեան առաջին պետութիւնն է, որ գործընկերութեան գերակայութիւններ կը հաստատէ Եւրոմիութեան հետ։ Հաան շեշտեց նաեւ, որ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները աւելի բարելաւուած են։ Եւրոպական կողմը լուրջ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանի գործարար աշխարհին։

Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ վերահաստատեց, որ հայկական կողմը մտադիր է ընդլայնել ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ։ Երեւան կ՚արժեւորէ ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն։ Նախարարին համոզմամբ՝ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը պիտի համալրուի նոր ծրագրերով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017