ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին հերթական անգամ այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանը։ Այսպէս, եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին շփումներ պիտի ունենան հակամարտութեան տարածքաշրջանէ ներս։ Մօտաւոր անցեալին միջնորդներու մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ։ Այդ հանդիպումէն վերջ յայտարարուած էր, որ միջնորդները կը պատրաստուէին այցելել ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ներկայիս արդէն այդ այցելութիւնն է, որ պիտի իրականանայ։

Նոյնպէս Նիւ Եորքի մէջ միջնորդները տեղեկացուցած էին, որ աշխատանքները կը խտացնեն կազմակերպելու համար նոր տեսակցութիւն մը՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Տարածքաշրջանային ներկայ այցելութեան բուն նպատակներէն մին պիտի ըլլայ սոյն տեսակցութեան կազմակերպուիլը։ Միջնորդները Երեւանի եւ Պաքուի մէջ քննարկումներ պիտի ծաւալեն՝ Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կարելի դարձնելու առաջադրութեամբ։

Ըստ այժմ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ համանախագահները այս Ուրբաթ շփումներ պիտի ունենան Երեւանի մէջ, Շաբաթ օրն ալ պիտի այցելեն Պաքու։

Էլմար Մամետեարով երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ համանախագահները տարածքաշրջան կ՚այցելեն՝ քննարկելու համար նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ հարցեր։ «Նիւ Եորքի մէջ անոնք առաջարկած էին առարկայական եւ խելամիտ բանակցութիւններ վարել նախագահներու հանդիպումէն յետոյ եւ խթան տալ այս հարցին», նշեց Էլմար Մամետեարով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017