ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ հեղինակուած գիրքի մը շնորհանդէսը։ «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ այս գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։ Այս գիրքի հրատարակութիւնը երաշխաւորուած է ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի գիտական խորհուրդին կողմէ։ Աշխատութեան ուսումնասիրական առարկան է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման ընթացքը, արդիւնքներով եւ հեռանկարներով։ Այս գործը կը համարուի առաջին փորձ մը՝ յարափոփոխ աշխարհէ ներս սփիւռքի հասկացութիւնը ուսումնասիրելու, ընդհանրական կերպով հայկական սփիւռքի ծագումը, ձեւաւորումը, զարգացման պատմութեան փուլերը, արդի վիճակն ու առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու առումով։

Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Վարշաւիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ եւ մասնագէտներ։

Ռադիկ Մարտիրոսեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ ձեռնարկի բացումը կատարեց ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքէն վերջ, ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան անդրադարձաւ այս գիրքի գիտագործնական նշանակութեան։

Աւելի վերջ իրերայաջորդ արտայայտուեցան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի նախագահ Յակոբ Ճամպազեան, ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի բաժնի վարիչ Ալպերթ Խառատեան, Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Էդիկ Մինասեան, «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, Գաւառի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Ռուզաննա Յակոբեան, Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Համաշխարհային հայկական գոնկրէսի փոխ-նախագահ Վլատիմիր Աղայեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեան։

Շնորհանդէսի աւարտին արտայայտուեցաւ գիրքին հեղինակը՝ Հրանոյշ Յակոբեան, որ ընդգծեց, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի գիտական միտքը պէտք է նախ եւ առաջ ծառայեցնել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն համահայկական, եկեղեցական կառոյցներուն ու տարբեր երկիրներէ ներս հաստատուած դեսպանութիւններուն, որոնց միջոցաւ ճշգրտուած են աշխատութեան մէջ ընդգրկուած շարք մը վիճակագրական տուեալները։ «Հայոց պետութիւնը պէտք է ապահովէ, որ ՄԱԿ-ի կողմէ սփիւռքի մասին հռչակագիր մը ընդունուի եւ մշակուի պայմանագիր մը», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որու համոզմամբ՝ սփիւռնքերու վերաբերեալ հարցերը ներկայիս միջազգային իրաւունքի ասպարէզին վրայ դարձած են առարկայ, սակայն տակաւին որեւէ գնահատական չեն ստացած։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017