ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏԱՆ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԸ

Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառը վերջերս ստացաւ արժէքաւոր նուէր մը, որու շնորհիւ յատկանշական նմոյշով մը համալրուեցաւ, ճոխացաւ անոր հաւաքածոն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի Երաժիշտներու միութենէն ներս ի պահ դրուած Կոմիտասի Պոլսոյ բնակարանի (1911-1915) աշխատասենեակի մանրակերտը նուիրաբերուեցաւ թանգարան-կաճառին։ Այս մանրակերտը շուրջ կէս դար առաջ պատրաստուած է Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի կողմէ հիմնուած «Գուսան» երգչախումբի սաներէն Արամ Աստուածատուրեանի կողմէ։ Նուիրաբերման առթիւ թանգարանէն ներս կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այս նուիրատուութիւնը իսկապէս հարստացուց թանգարանի հաւաքածոն։

«Կոմիաստ վարդապետի 100-ամեակին առթիւ մանրակերտը պատրաստած է տաղանդաւոր երգահան Լեւոն Աստուածատուրեանի հայրը՝ Արամ Աստուածատուրեան, որ աշակերտած է Կոմիտասին։ Ան այդ մանրակերտը մեր միութեան նուիրած էր եւ մենք սիրով ու գորովանքով պահած էինք այդ մէկը։ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի բացումէն վերջ որոշեցինք այդ նմոյշը նուիրել թանգարանին, որովհետեւ սա պատմական լուրջ արժէք մըն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան։

1959 թուականին Արամ Աստուածատուրեանին աշակերտած Հենրիկ Սարգսեան յայտնեց, որ քսան տարի աշխատած է անոր հետ։ «Աստուածատուրեան մանրակերտը պատրաստած է իր յիշողութիւններու հիման վրայ։ Տարիներու ընթացքին որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած անոր վրայ, սակայն ես ունիմ մաքէթի լուսանկարը։ Այդ մէկուն մէջ եւս կայ նկար մը, սակայն հաւանաբար զանազան պատճառներով չէ պահպանուած։ Երէկ ես սոյն նկարը աւելցուցի մաքէթին վրայ։ Կը յուսամ՝ մանրակերտը երկար պիտի մնայ թանգարանին մէջ», նշեց Սարգսեան։

Կոմիտասի թանգարան-կաճառի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեան նուիրատուութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Երաժիշտներու միութեան եւ խոստացաւ՝ այս ցուցանմոյշին համար արժանի տեղը ապահովել թանգարանէն ներս։

Արամ Աստուածատուրեան Պոլսոյ մէջ անցուցած էր իր պատանեկութիւնը։ Ան օր մը Կոմիտաս Վարդապետէն խնդրած էր թոյլ տալ լուսանկարել զինքը։ Մեծ վարդապետը չէր մերժած։ Այդ լուսանկարը մնացած էր Աստուածատուրեանի մօտ՝ որպէս թանկագին մասունք։ Յաճախ հիւրընկալուելով Կոմիտասի կողմէ՝ Արամ Աստուածատուրեան օր մըն ալ նկարած էր նաեւ վարդապետի տունը, որ Կոմիտասի եւ իր աշակերտներու վերջին հանգրուանն էր։ Յետագային Աստուածատուրեանը նկարի օգնութեամբ եւ յիշողութեամբ պատրաստած էր այդ տան մանրակերտը։

Նուիրաբերման արարողութեան ծրագրին յաջորդեց Երիտասարդ հայ երգահաններու սենեկային երաժշտութեան երրորդ փառատօնի՝ չորրորդ համերգը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017