ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԳՈՀ Է ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԱՊԵՐԷՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը նպատակադրած է սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ՝ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս ահաբեկչական կառոյցներուն հակազդելու համար։ Արաբական թերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ըսաւ. «Բոլոր մակարդակներով Անգարայի եւ Թեհրանի հետ Մոսկուայի ամէնօրեայ համագործակցութիւնը կը վկայէ, թէ Թուրքիա եւ Իրան բուռն իմաստով հանգուցային դեր կը խաղան Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադրութեան կայունացման ուղղութեամբ»։

Ռուս նախարարին խօսքերով՝ մարտահրաւէրները բարդ են Մերձաւոր Արեւելքէ ներս, իսկ Մոսկուայի, Անգարայի եւ Թեհրանի արտաքին քաղաքական համագործակցութեան ընդլայնումը կը համապատասխանէ տարածքաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն։

Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Սոչիի մէջ հիւրընկալելու Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վելիտ Մուալլիմը՝ քննարկելու համար տարածքաշրջանային եւ միջազգային վերջին իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017