ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ, իր տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ այցելեց «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս բացուած, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ աւանդութիւններուն ձօնուած «Արմէնիա» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը շրջայց մը կատարեց ցուցադրասրահներուն մէջ՝ դիտելով աշխարհի զանազան կողմերու հայկական համայնքներէն հաւաքուած, 4-17-րդ դարերը ընդգրկող մշակութային ժառանգութեան աւելի քան 140 եզակի գլուխ գործոցները, որոնց շարքին կը գտնուին պատկերազարդ ձեռագիրներ, խաչքարեր, տպագիր գիրքեր եւ այլ բարձրարժէք ցուցանմոյշներ, ներառեալ Թորոս Ռոսլինի, Սարգիս Պիծակի եւ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի ստեղծագործութիւնները։

Արմէն Սարգսեան ցուցահանդէսը շրջելու զուգահեռ նշեց, որ այս տարի հայկական մշակոյթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս կը ցուցադրուի շատ ընդգրկուն ձեւով։ Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ամիսներ առաջ Արմէն Սարգսեան մասնակցած էր Սմիթսոնեան ժողովրդական կեանքի փառատօնի բացման։ Այդ փառատօնի ծիրէն ներս եւս ներկայացուած էին հայկական մշակոյթը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները։ Արմէն Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ «Մեթրոփոլիթըն»ի իւրայատուկ ցուցահանդէսը եզակի ցուցանմոյշներով քանի մը ամսուան ընթացքին ԱՄՆ-էն եւ աշխարհի զանազան անկիւններէն բազմահազար այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն մէկու պատմական ժառանգութեան եւ իւրայատուկ մշակոյթին։ Ան կարեւորեց նման ցուցադրութիւնները եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ անոնք շարունակական կ՚ըլլան՝ աշխարհի զանազան անկիւններուն ներկայացնելով հայոց բազմադարեան պատմութիւնն ու հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը։

Նախագահ Սարգսեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ «Քարնեկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրիգորեանի հետ։ Այս առթիւ ան բարձր գնահատեց սոյն հիմնարկի եւ մանաւանդ անոր նախագահ Վարդան Գրիգորեանի կողմէ Հայաստանէ ներս իրականացուող գիտական, կրթական եւ մարդասիրական ծրագիրները։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան Հայաստանի մէջ «Քարնեկի» հիմնարկի հետ համատեղ ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնը։ Խօսելով հիմնարկի գործունէութեան շուրջ՝ Վարդան Գրիգորեան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն ու գաղափարներուն, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի յառաջընթացին։ Նախագահ Սարգսեան յատկապէս կարեւորեց կրթական ծրագիրները՝ նշելով, որ զարգացած ու յառաջադէմ երկիր մը դառնալու հիմնական գրաւականը կը հանդիսանան կրթութիւնն ու գիտելիքը։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու, համահայկական նշանակութեամբ օրակարգային հարցերու, հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018