ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԱԶԻՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱՐԻՒՐ ՀՈԳԻ ՄՆԱՑԱԾ Է
Հայաթափուած Արցախի մէջ ներկայիս կը տիրէ ամայութիւն։ Կարմիր խաչի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ստեփանակերտի մէջ արդէն քանի մը հարիւր հոգի մնացած է։ «Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը պարեկութիւն կ՚իրականացնէ փողոցներուն մէջ։ TRT-ն ալ տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտի մէջ պողոտայ մը վերանուանուած է Էնվէր փաշայի անունով։
Երեւանի կողմէ հրապարկուած պաշտօնական վիճակագրութիւնը երէկ թարմացուեցաւ Արցախէն տեղահանուած հայոց թիւին շուրջ։ Շաբաթավերջին բռնի տարհանուածներուն թիւը արդէն հատած էր 100 հազարի շեմը եւ վերջին թարմացումները կու գան աւելնալ անոր վրայ։ Պաքուէն ալ անոնց ուղղեալ պատգամներ կը հասնին։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էլչին Ամիրպէկով երէկ յայտնեց, որ Արցախը լքած հայերը կրնան վերադառնալ։
Միւս կողմէ, հայկական լրատուամիջոցները երէկ զգայացունց իրադարձութեան մը արձագանգ հանդիսացան, ինչ որ պաշտօնապէս հաստատուած է նաեւ Պաքուի կողմէ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած ու Պաքու տարուած են Արցախի նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան։ Հայկական կարգ մը աղբիւրներ շաբաթավերջին հաղորդած էին, որ Արցախի նախկին նախագահները արդէն Հայաստան անցած են, սակայն, ըստ երեւոյթին, իրադարձութիւնները ընթացած են այլ հունով։ Երէկ, Արցախի պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արարատ Մելքումեան Հայաստան անցան՝ հատելով Հակարիի կամուրջին վրայ զետեղուած Ատրպէյճանի անցակէտը։ Այս վերջիններուն անցման ժամանակ նախկին նախագահները տակաւին կը գտնուէին Ստեփանակերտի մէջ։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ նոյն անցակէտին մէջ նախկին նախագահները ձերբակալուած են Ատրպէյճանի պատկան մարմիններուն կողմէ ու տարուած՝ Պաքու։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս առաւօտ արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներու եւ այլոց ձերբակալութիւնները։ Նախարարութեան կողմէ ապօրինի նկատուած են ձերբակալութիւնները։ «Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութեան, հայերու իրաւունքները յարգելու եւ պաշտպանելու, անոնց Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը չխոչընդոտելու պատրաստակամութեան, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն կամայական ձերբակալութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։