ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց 50 վայրկեան։ Դռնփակ տեսակցութեան կապակցութեամբ չհաղորդուեցան այլ մանրամասնութիւններ։ Մինչ այդ, նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ալ երէկ հեռաձայնով Ահմէտ Տավուտօղլուն շնորհաւորեց՝ ընտրութիւններու արդիւնքին ԱՔ կուսակցութեան կողմէ ապահովուած յաղթանակին համար։
Տավուտօղլու ընտրութիւններէն վերջ երէկ առաջին անգամ Իսթանպուլի մէջ էր։ Կուսակցականներու հոծ բազմութեան մը կողմէ դիմաւորուեցաւ վարչապետը, որ ըսաւ, թէ Իսթանպուլ հասնելէ առաջ Անգարայի մէջ տեսակցած էր Էրտողանի հետ։ Ուստի, Տավուտօղլու փոխանցեց անոր ողջոյնները եւ ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահն ալ կ՚ապրի յետընտրական խանդավառութիւնը։ Ան Իսթանպուլի մէջ եւս հաւասարակշռուած պատգամներ տուաւ՝ ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Տավուտօղլու կրկնեց, թէ արդիւնքին պարտուող մը չկայ, իսկ իրենք ոեւէ մէկը պիտի չվանեն։ «Մենք երբեք կանգ պիտի չառնենք, սիրով ու հաւատարմութեամբ պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնները», ըսաւ Տավուտօղլու։
Նոյնպէս երէկ, իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ անդրադարձաւ ընտրութեան արդիւնքին։ Ան համոզուած է, թէ ազգին կամքը արտայայտուած է ի նպաստ կայունութեան։ Էրտողան մաղթեց, թէ արդիւնքը բարեբեր ըլլայ երկրին ու ազգին տեսակէտէ։ Բաց աստի, ան շեշտեց, թէ ընտրութիւններու ժամանակ ցուցաբերուած ժողովրդավարական հասունութիւնը կ՚ապացուցանէ Թուրքիոյ հասած մակարդակը։ Պատասխանելով լրագրողներու միջազգային արձագանգներուն վերաբերեալ հարցումներուն՝ Էրտողան շեշտեց, որ աշխարհ պէտք է յարգանք տածէ արդիւնքներուն նկատմամբ։
Չանքայայի ապարանքին մէջ Վարչապետ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ բարձր մակարդակի ժողով մը։ Բնագաւառի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն մասնակցութեամբ վարչապետին գլխաւորութեամբ կը ծաւալուին քննարկումներ, մինչ Թուրք զինեալ ուժերն ալ անընդմէջ կը շարունակեն հարուածներ հասցնել ահաբեկչական թիրախներուն։ Երէկ, պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ ռազմաօդային ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուցած են լայնածաւալ գործողութիւններ։ Քանտիլի եւ շրջակայքին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան ճամբարները ռմբակոծուած են Տիարպաքըրէն թռիչք առած քառասուն ռազմաօդանաւերու կողմէ։ Նոյնիսկ ՓՔՔ-ի ստորգետնեայ ապաստանարանները ոչնչացուած են այս գործողութիւններուն ընթացքին։ Ընդհանուր առմամբ, ՓՔՔ-ին պատկանող յիսուն թիրախ կործանիչ հարուածի ենթարկուեցաւ այս գործողութիւններու արդիւնքին։