ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէին հերթական նիստը։ «Double Tree by Hilton» պանդոկին մէջ տեղի կ՚ունենան բանակցութիւնները, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այն առումով, որ Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւնները այս շրջանին նոր թափ ստացած են ու կ՚ակնկալուի մինչեւ տարեվերջ նոր համաձայնութեան մը ստորագրումը անոնց միջեւ։
Բանակցութիւնները կը գլխաւորեն երկու պատուիրակութիւններու համանախագահները՝ հայկական կողմէն Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, իսկ եւրոպական կողմէն՝ ԵՄ-ի արտաքին գործարքներու ծառայութեան Ռուսաստանի, Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի գծով տնօրէն Կունար Վիկանտ։ Այս վերջինները ժողովներու սկիզբին առթիւ այս առաւօտ յայտարարութիւններով ալ հանդէս եկան Երեւանի մէջ։
Սա համագործակցութեան կոմիտէի 16-րդ նիստն է։