ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՃ
Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցան յատուկ ներկայացուցչին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամներուն հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան կարեւորեց յաճախակի հանդիպումներն ու քննարկումները՝ Զալպէրի առաքելութեան արդիւնաւէտ իրականացման տեսանկիւնէն։ Ըստ Սարգսեանի, այդ քննարկումները միշտ եղած են անկեղծ ու բովանդակալից։ Այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է Եւրոմիութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ համապարփակ կարգաւորման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութեան իրականացումը։
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հերպերթ Զալպէրի հետ շուրջ չորս ամիս առաջ կայացած նախորդ հանդիպման յաջորդած իրավիճակին։ Այդ կարճ ժամանակահատուածին մէջ տարածքաշրջանէն ներս լարուածութիւնը աճած է լրջօրէն՝ ուղղակիօրէն սպառնալով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան անվտանգութեան։ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակել շինիչ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ու ամրապնդման։
Դեսպան Զալպէր կարեւորեց այս հիմնախնդրին շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ հաւաստիացնելով, որ Եւրոմիութիւնը յանձնառու է շարունակելու տարածքաշրջանէ ներս իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը։ Ան տեղեկացաւ Սերժ Սարգսեանի մօտեցումներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց միջազգային հանրութեան եւ իրաւասու միջազգային կառոյցներու ժամանակին ու հասցէական, այլ ոչ թէ ընդհանրական յայտարարութիւնները հրադադարի խախտումներուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ յստակ միջոցներու ձեռնարկումը՝ կանխելու համար ապագայ որեւէ սադրանք։
Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում եւ ան կրնայ լուծուիլ միայն կողմերու տեսակէտէ ընդունելի փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ։