ՆԱԹՕ ՀԻՄՔ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ե­րէկ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ե­րե­ւա­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան կեդ­րո­նին մէջ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահսկ­ման վար­չու­թեան պետ Սա­մուէլ Մկրտչեան եւ Կով­կա­սէ ներս ՆԱ­ԹՕ-ի կա­պի սպայ Ո­ւի­լիըմ Լա­հիւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մկրտչեան այս առ­թիւ նշեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցը կրնայ քննար­կուիլ բա­ցա­ռա­պէս կող­մե­րու մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն վերջ։ «Խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կրնայ ի­րա­կա­նա­ցուիլ միայն խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն վերջ եւ ան­կէ կա­խեալ պի­տի ըլ­լայ նաեւ հար­ցը, թէ ո՛վ պի­տի մաս­նակ­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան կամ ինչ­պէ՛ս ի­րա­կա­նա­ցուի այդ մէ­կը։ Այս բո­լո­րը պէտք է ամ­րագ­րուած ըլ­լան խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ, ինչ որ պէտք է ո­րո­շու­ի բո­լոր կող­մե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։ Այ­սինքն՝ սա կ՚են­թադ­րէ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Մկրտչեան։

Իր կար­գին, Լա­հիւն ալ յայտ­նեց, որ հա­կա­մարտ կող­մե­րէն ոե­ւէ մէ­կը զի­նող ո­րե­ւէ եր­կիր գործ­նա­կա­նօ­րէն կը նպաս­տէ հա­կա­մար­տու­թեան շա­րու­նակ­ման, ինչ որ ան­թոյ­լատ­րե­լի է։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան ՆԱ­ԹՕ-ի նպա­տակ­նե­րէն դուրս նկա­տեց հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով դա­շին­քի օ­րա­կար­գին վրայ նման հարց մը գո­յու­թիւն չու­նի, սա­կայն ե­թէ Հա­յաս­տան, Ատր­պէյ­ճան կամ միւս շա­հագր­գիռ կող­մե­րը փա­փա­քին, ա­պա կա­րե­լի է քննար­կել։ Ըստ ի­րեն, ՆԱ­ԹՕ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հիմ­քը կը հա­մա­րէ խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը վտանգ է ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար ոչ միայն անվ­տան­գու­թեան, այլ ա­պա­գա­յի եւ տնտե­սա­կան բար­գա­ւաճ­ման ա­ռու­մով։

Լահիւ նշեց նաեւ, որ Հայաստան լիարժէք կ՚օգտագործէ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութեան բոլոր միջոցները, սա որոշ առումով իւրայատուկ է, քանի որ ան կ՚անդամակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015