ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ՆՈՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Ե­գիպ­տո­սի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի­նա­կան «Չայ­նա Ֆոր­չուն Լենտ Տե­ւե­լոփ­մընթ» ըն­կե­րու­թեան հետ գո­յա­ցու­ցած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, ո­րուն ծի­րին մէջ չի­նա­կան կող­մը 20 մի­լիառ տո­լա­րի ներդ­րում պի­տի կա­տա­րէ Ե­գիպ­տո­սի նոր մայ­րա­քա­ղա­քի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծին մէջ:

Ե­գիպ­տո­սի նոր մայ­րա­քա­ղա­քը պի­տի գտնուի Գա­հի­րէէն ա­րե­ւելք: Ա­նի­կա պի­տի ու­նե­նայ 57 մի­լիոն քի­լօ­մեթր մա­կե­րես եւ պի­տի նե­րա­ռէ բնա­կե­լի ու գրա­սե­նե­կա­յին թա­ղա­մա­սեր, կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող են­թա­կա­ռու­ցա­յին կեդ­րոն­ներ: Քա­ղա­քի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն սկսած են: Կը նշուի, որ մայ­րա­քա­ղա­քին պատ­րաստ ըլ­լա­լէն ետք, այդ­տեղ պի­տի կա­րե­նայ ապ­րիլ 5 մի­լիոն մարդ: Կ՚են­թադ­րուի, որ 45 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ մայ­րա­քա­ղա­քի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի ա­ւար­տին 2021-ին: Նոր մայ­րա­քա­ղաք կա­ռու­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ծա­գած է Գա­հի­րէի գերբ­նա­կե­ցուա­ծու­թեան պատ­ճա­ռով:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016