ՀՏՓ-ԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ
Խորհրդարանի կուսակցութիւններէն ՀՏՓ-ի համակուսակցապետները՝ Ֆիկէն Եիւքսեքտաղ, Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր, ինչպէս նաեւ ՀՏՓ-ական այլ ինն երեսփոխաններ երէկ ուշ գիշերին առնուեցան հսկողութեան տակ։ Տեմիրթաշ ձերբակալման պահանջով ուղարկուացաւ դատարան։
NTV-ի հաղորդումներով, ՀՏՓ-ական երեսփոխաններուն ուղղեալ այս գործողութիւնը կատարուեցաւ այն ահաբեկչական հետաքննութեան շրջագծով, որ յառաջ կը տարուի Տիարպաքըրի, Հաքքեարիի, Վանի, Շըրնաքի եւ Պինկէօլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւններուն կողմէ։ Խնդրոյ առարկայ երեսփոխաններէն երկուքը ներկայիս կը գտնուին արտասահմանի մէջ։
Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը ըրաւ այս նիւթին շուրջ։ Այս առթիւ հաղորդուեցաւ, որ երեսփոխանները ձերբակալուած են՝ պատկան արդարադատութեան մարմիններուն յանձնուելու համար։