ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով ա­ւագ խորհր­դա­կան Քրիս­տոֆ Հոյս­կէ­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ ի­րա­վի­ճակն ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րը, Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ այլն։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է եւ այդ կա­ռոյ­ցը կը հո­վա­նա­ւո­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Նալ­պան­տեան իր երկ­խօս­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րը, ո­րոնց ուղ­ղուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման։

Նալ­պան­տեան բարձր գնա­հա­տեց ԵԱՀԿ-ի գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու այն ջան­քե­րուն հա­մար, ո­րոնք ուղ­ղուած են հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Նալ­պան­տեան-Շթայն­մա­յէր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, որ խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի։ Նոյն­պէս կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի հա­մա­տես­քին մէջ, Նալ­պան­տեան Շթայն­մա­յէ­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի կեան­քի կո­չե­լէ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծուե­լուն։ Նոյն ծի­րին մէջ ան յի­շե­ցուց Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ան­տե­սուին Պա­քուի կող­մէ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­վի­ճա­կը լա­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գծին վրայ։

Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Գեր­մա­նիոյ Համ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Նոյն շրջագ­ծով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն կազ­մա­կեր­պել տե­սակ­ցու­թիւն մը՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ իր ա­զէ­րի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի մի­ջեւ։ Միջ­նորդ­նե­րը այս շրջա­նին հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի շփում­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան նկատ­մամբ կ՚ըն­ծա­յեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու նոյ­նիսկ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն նա­խա­գահ­նե­րու նոր հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նէն հնչեց ար­մա­տա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Երբ Նալ­պան­տեան շփում­ներ կ՚ու­նե­նար Պեր­լի­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սա­ռե­ցուած են։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս փոխ-նա­խա­րա­րը ե­րէկ յայտ­նեց, որ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ, Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին կեան­քի չեն կո­չուած եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այս ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը այս պա­հուն սա­ռած են։ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան ա­ւել­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար շատ կա­րե­ւոր է Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն կեան­քի կո­չուի­լը եւ ե­րաշ­խիք­նե­րու գո­յա­ցու­մը, որ­պէս­զի Ապ­րի­լի դէպ­քե­րը չկրկնուին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016